Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Երաժշտական Բացառիկ Յայտագիր Նուիրուած Նահատակ Հրանդ Տինքի Յիշատակին

Երաժշտական Բացառիկ Յայտագիր Նուիրուած Նահատակ Հրանդ Տինքի Յիշատակին

by MassisPost

Շաբաթ Մարտ 25-ը պատմական օր մը եղաւ Նիւ Եորքի եւ շրջակայքի հայութեան համար: Մօտ 700 հանդիսականներ ներկայ գտնուեցան Նիւ Եորք քաղաքի սրտին վրայ կառուցուած Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ ներկայացուած երաժշտական բացառիկ յայտագիրին` նուիրուած Պոլսոյ «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր, քաջ լրագրող եւ ծանօթ մտաւորական Հրանդ Տինքի չարանենգ սպանութեան 10-րդ տարելիցին:

Այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան 90-ամեակին առիթով եւ կը վայելէր Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի հովանաւորութիւնը եւ թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նախագահութիւնը: Իրենց մասնակցութիւնը բերած էին հայկական 13 մշակութային, կրթական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններ:

Երաժշտական այս եզակի յայտագիրը ամբողջութեամբ նուիրուած էր վաղամեռիկ Հրանդ Տինքին: Նիւ Եորքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ պոլսահայ ծանօթ երգահան Մաժակ Թոշիկեանի «Հրանդ Տինք` Ժամանակակից Օրաթորիոն» (բնագիրը` Պերճուհի Պէրպէրեանի, երգչախումբի եւ նուագախումբի ղեկավար` Քրիս Տ. Գալֆայեան):

Բոլոր ներկաները հոգեպէս վերացած էին այս սքանչելի երաժշտական  ներկայացումէն, որուն վերջաւորութեան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան իր գնահատանքի խօսքին մէջ ըսաւ. «Մենք հաւաքուած ենք Ս. Վարդան Մայր Տաճարին մէջ մեր սէրն ու յարգանքը մատուցանելու Հրանդ Տինքի յիշատակին` անոր սպանութեան 10-րդ տարելիցին առթիւ: Այս ձեռնարկը կազմակերպուած է Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան 90-ամեակին ի նշումն, որ նաեւ մեզի առիթը կու տայ վերանորոգելու մեր ուխտը ` շարունակելու Հրանդի Տինքի առաքելութիւնը եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու որպէս զի անոր եւ մեր ժողովուրդին արդար երազը իրականանայ եւ թուրք հասարակութեան մէջ գիտակցութիւնը արթնցուի խաղաղ ու համերաշխ կեանքի բերած բարիքներուն ի նպաստ:  Իմ գնահատանքս կը յայտնեմ երգահան Մաժակ Թոշիկեանին եւ բնագիրը պատրաստող Պերճուհի Պէրպէրեանին, կը շնորհաւորեմ մեներգիչներ Կարինէ Չուպուքճեան Պոզքըրդը, Էլի Պէրպէրեանն ու Պօղոս Եղիազարը, խմբավար Քրիս Տ. Գալֆայեանը եւ երգչախումբի ու նուագախումբի բոլոր անդամները»:

Այս առթիւ հրատարակուած էր գեղատիպ գրքոյկ մը, ուր տպուած էին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի Հրանոյշ Յակոբեանի եւ Րաքէլ Տինքի շնորհաւորական խօսքերը, օրուան յայտագիրը եւ երգահանին, բնագիրը պատրաստողին, մեներգիչներուն եւ խմբավարին լուսանկարներն ու ամփոփ կենսագրականները:

90-ամեակի ճաշկերոյթ
Համերգի աւարտին, Առաջնորդարանի Հայկ եւ Ալիս Գավուքճեան շքեղ հանդիսասրահին մէջ,  մօտ 500 հոգի մասնակցեցան տարեդարձի ճաշկերոյթին: Մեծ Պահքի յատուկ համեղ ճաշերը պատրաստուած էին ծանօթ ճաշարանապետ եւ փորձառու խոհարար Սուրէնի կողմէ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան յատուկ յուշատախտակով պատուուեցան վարչութեան նախկին եւ այժմու  ատենապետ-ատենապետուհիներ Լուիզ Թէզէլը, Տոքթ. Լեւոն Չափանը, Սեդրակ Թրփանճեանը, Արմենակ Իշխանեանը, Պերճ Արազը, Սէդքօ Սէթէրը, Ֆրանք Գապարաճեանը, Նուրհան Մանուկեանն ու Թամար Գայսէրլեանը, իսկ Մաժակ Թոշիկեանի, Պերճուհի Պէրպէրեանի, Քրիս Տ. Գալֆայեանի, Կարինէ Չուպուքճեան Պոզքըրդի, Էլի Պէրպէրեանի եւ Պօղոս Եղիազարի յանձնուեցան յուշանուէրներ:

Ճաշկերոյթի գագաթնակէտն էր, թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի խնդրանքին ընդառաջ,  Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան  վարչութեան երկարամեայ ատենապետուհի Տիկին Թամար Գայսէրլեանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ շնորհուած Օրհնութեան Գիրը, զոր կարդաց Հոգշ. Տ. Վազգէն Ծ. Վրդ. Գարայեան:

Նորին Սրբութիւնը ի մէջ այլոց կը գրէր. «Հայրապետիս համար անկեղծ գոհունակութիւն է, որ Դուք որպէս Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան Վարչութեան Ատենապետուհի, տասնեակ տարիներ գովարժան աւանդ էք բերում Միութեան աստուածահաճոյ առաքելութեանը: Ազգասէր ու եկեղեցասէր հայորդեացդ նուիրեալ ջանքերով Պոլսահայ Օգնութեան Միութիւնը մեծ արգասաւորութեամբ ծառայում է մեր ժողովրդին եւ շարունակում առաւել հարստացնել իր իննսունամեայ գործունէութեան վաստակը կրթական, մշակութային ու բարեսիրական ծրագրեր իրականացնելով Միացեալ Նահանգներում, պոլսահայ աւանդաշատ համայնքում եւ հայրենի մեր երկրում: … Ազգային կեանքում Ձեր գովարժան վաստակը, եկեղեցաշէն նախաձեռնութիւնների իրականացմանը բերած աւանդը Ձեզ արժանացրել են մեր եկեղեցականաց եւ հաւատաւոր հայորդեաց ջերմ սիրուն ու յարգանքին»:

Տիկին Գայսէրլեան իր շնորհակալութեան արտայայտութեանց մէջ հակիրճ պատմականը ըրաւ Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան:

Տարեդարձի ճաշկերոյթի աւարտին` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց եւ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Կը շնորհաւորեմ Պոլսահայ Օգնութեան Միութեան 90-ամեակը: Երբ ես Միացեալ Նահանգներ եկայ եւ հովուական պաշտօն վարեցի, եղայ Ս. Վարդան Մայր Տաճարի լուսարարապետ, Առաջնորդի Փոխանորդ եւ Առաջնորդ` վայելեցի Պոլսահայ Միութեան անմիջական համագործակցութիւնը զանազան ձեռնարկներու կազմակերպման առիթով, որուն համար կը յայտնեմ իմ խորին գնահատանքս», եւ բարեմաղթութիւններով ու աղօթքով փակեց օրուան հանդիսութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment