Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Խորհրդարան Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները

Հայաստանի Խորհրդարան Ընտրութիւններու Նախնական Արդիւնքները

by MassisPost

ԿԸՀ-ի հրապարակած նախնական արդիւնքներով, խորհրդարան կ’անցնի չորս ուժ. երկու դաշինք՝ «Ելք»՝ 7,77% (122 049 ձայն) եւ «Ծառուկեան» դաշինքը՝ 27,32% (428 965) ու երկու կուսակցութիւն՝ Հանրապետական՝ 49,12% (771 247)  եւ Դաշնակցութիւն 6,57% (103 173):

ՀՀԿ-ն, ըստ ամենայնի, կ’ունենայ 58 պատգամաւոր։ ԱԺ պատգամաւորներու ընդհանուր թիւը կ’ըլլայ 105։ «Ծառուկեան» դաշինքը կը ստանայ 30 պատգամաւորական տեղ, 8 պատգամաւորական տեղ կը ստանայ ՀՅԴ-ն։
Խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով՝ ԵԼՔ դաշինքը երրորդը պիտի ըլլայ  Ազգային Ժողովի մէջ: «Լուսաւոր Հայաստան», «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններէն կազմուած դաշինքը պիտի ունենայ  9 պատգամաւոր:

Մանդատները բաժանուած են՝ առաջնահերթութիւնը տալով ռէյթինկային թեկնածուներուն: «Ելք» դաշինքի ռէյթինկային ցուցակներով առաւել շատ ձայն ստացած թեկնածուները հետեւեալ անձինք են՝ Նիկոլ Փաշինեան (11 հազար 513 ձայն), Մանէ Թանդիլեան (5 հազար 110 ձայն), Գէորգ Գորգիսեան (3 հազար 168) եւ Արարատ Միրզոյեան (3 հազար 999):

 

«Ելք»-ը կ’ընդունի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները
Աւելի քան 7 տոկոս ձայն ստացած ընդդիմադիր «Ելք» դաշինքը կը յայտարարէ, որ կ’ընդունի ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները եւ պիտի վերցնէ հասանելիք մանդատները։

«Ազատութեան» հետ զրոյցին դաշինքի համամասնական ցուցակը գլխաւորող Էտմոն Մարուքեան նշած է, որ պիտի երթան խորհրդարան մօտ 120 հազար ընտրողներու թիւը բազմապատկելու նպատակով․ – «Մենք այդ 120 եւ աւել հազար մարդկանց ներկայացուցիչն ենք վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովում, այն մարդկանց, ովքեր համարում են, որ Հայաստանում կարելի է, հնարաւոր է, պէտք է փոփոխութիւններ անել: Եւ մենք պէտք է էդ մարդկանց շահերը ներկայացնենք, էդ մարդկանց թիւը բազմապատկենք եւ այնպիսի քաղաքական գործընթաց ստանանք, որ յաջորդ ընտրութիւններում մենք էդ մարդկանց թիւը տասնապատկած լինենք եւ կարողանանք քաղաքական մեծամասնութիւն ձեւաւորել Հայաստանի Հանրապետութիւնում»:

Մարուքեանի փոխանցմամբ, նախնական հաշուարկով երեք կուսակցութիւններով համալրուած իրենց դաշինքը խորհրդարանի մէջ կ’ունենայ 9 պատգամաւոր՝ Էտմոն Մարուքեան, Արամ Սարգսեան, Նիկոլ Փաշինեան, Մանէ Թանդիլեան, Սասուն Միքայէլեան, Արտակ Զէյնալեան, Լենա Նազարեան,Գէորգ Գիորգիսեան եւ Արարատ Միրզոյեան։

Էտմոն Մարուքեանը չընդունիր իրենց ուղղուած կոչերը, թէ դաշինքը պէտք է վար դնէ մանդատները․ ան կը կարծէ, որ այդ խօսակցութիւնները շրջանառութեան մէջ կը  դնէ իշխանութիւնը․ – «Երբ ես ընտրուել էի, մի մանդատ ունէի, էդ կոչերը էլի հնչում էին: Եթէ «Ելք» դաշինքը մանդատները վայր դնի, Հայաստանի Հանրապետութեան վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովում ընդդիմութիւն չի լինի: Աւելին՝ մենք էդ 122 հազար, 130 հազար քաղաքացիներից իւրաքանչիւրի ձայնի համար պատասխանատու ենք»:

Կիրակի կայացած քուէարկութեան ընթացքին «Ելք»-ը արձանագրած է խախտումներ, որոնք, սակայն, ըստ Մարուքեանի, էական ազդեցութիւն չեն ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ։ Աւելին՝ Մարուքեան համոզուած է, որ բուն ընտրատեղամասերուն մէջ քուէարկութիւնը բնական  ընթացած է․ – «Ընտրողները իրենց կամքը ձեւաւորել են տեղամասում: Թէ այդ ձեւաւորման վրայ ինչն ա ազդել, ոնց են ձեւաւորել, դրա մասին բազմաթիւ ահազանգեր են եղել: Օրինակ՝ ընտրակաշառքները, վարչական լծակները ազդեցութիւնը: Էդ ամէն ինչը էղել ա: Բայց քաղաքացին մտել ա տեղամաս, քաղաքացին կարող էր չանել այն, ինչ արել է, բայց քաղաքացին դա ա արել: Դա քաղաքացու ընտրութիւնն է»:

Դաշինքը ընտրութիւններու մասին ամբողջական գնահատական պիտի յայտնէ միւս քաղաքական ուժերու կողմէ արձանագրուած խախտումներու փաստերը վերլուծելէ ետք։
Արամ Սարգսեանի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի կուսակցութիւններէն կազմուած ընդդիմադիր դաշինքը ընտրութիւններուն ստացած 7.8 տոկոս արդիւնքը յաղթանակ չորակեր: Մարուքեան կը կարծէ, որ սա նախեւառաջ յաջողութիւն էր իրենց վստահութեան ձայն տուած քաղաքացիներու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment