Home Uncategorized ՕՐՕ Դաշինքը Մտադիր է Դաշինք Կազմել Խորհրդարան Անցած Ընդդիմադիր Ուժերուն Հետ

ՕՐՕ Դաշինքը Մտադիր է Դաշինք Կազմել Խորհրդարան Անցած Ընդդիմադիր Ուժերուն Հետ

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած «Օհանեան – Ռաֆֆի – Օսկանեան» դաշինքը մտադիր է դաշինք կազմել խորհրդարան անցած ընդդիմադիր ուժերու հետ՝ այսպիսով հասնելով իշխանափոխութեան:

«Մենք պէտք է մի կողմ դնենք բոլոր տիպի տարաձայնութիւնները, անձնական նկրտումները, որովհետեւ զգում ենք, որ վճռուում է մեր երկրի ապագան, մեր երկրի ճակատագիրը», – այսօր յայտարարած է պաշտպանութեան նախկին նախարարը՝ ամփոփելով ընտրական քարոզչութիւնը: – «Այս ճակատագրական պահին իրաւունք չունենք բզկտուած, տրոհուած հանդէս գալու մեր երկրի, մեր ժողովրդի առջեւ», – աւելցուցած է Օհանեան:

«Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի պատուիրած հարցումներու արդիւնքներով՝ առաջին տեղի վրայ  «Ծառուկեան» դաշինքն է, ուստի իշխանափոխութեան հարցով Սէյրան Օհանեանը առաջին հերթին Գագիկ Ծառուկեանի հետ պիտի համաձայնութեան գայ:

«Այս իրադրութեան գնահատմամբ խելամիտ վարուելու միակ տարբերակը փոփոխութիւններն են, այսինքն՝ իշխանութիւնը պէտք է փոխուի: Դրա համար մենք պատրաստակամ ենք այն ուժերի հետ, ովքեր որ փոփոխութեան կողմնակից են, ովքեր որ այս իշխանութիւններին ուզում են ասել, որ՝ հերիք է դուք ղեկավարէք, պէտք է այլ թարմ ուժեր գան ղեկավարելու», – նշած է Օհանեան: – «Ինչ վերաբերում է պարոն Ծառուկեանին, գիտէք, որ ես մի քանի անգամ նաեւ նախկինում հանդիպել եմ եւ մեր մօտ բարիդրացիական յարաբերութիւններ են, եւ այդ յարաբերութիւններն էլ մշտապէս պահպանուելու են», – նաեւ ըսած է պաշտպանութեան նախկին նախարարը՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցին, թէ դատելով Գագիկ Ծառուկեանի հետ իր ունեցած հանդիպումներէն, ի՞նչ կրնայ ըսել, ան հակուա՞ծ է ընդդիմադիրներու հետ դաշինք կազմելու, թէ ոչ:

Դաշինքը կասկած անգամ չունի, որ պիտի յաղթահարեն անցողիկ եօթ տոկոսանոց շեմը: Սէյրան Օհանեան ըսած է՝ կոտրած են յուսալքութեան մթնոլորտը, իրենց ուժը երեւանեան հանրահաւաքին ցոյց տուին:

«Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Ռաֆֆի Յովհաննիսեանն ալ յիշեցուցած է․ – «Նախագահական վերջին ընտրութիւնների նախաշեմին, երբ ինձ տալիս էին 5 տոկոս թէ՛ պաշտօնականը, թէ՛ իրականը, այն բաւականին հեռու էր այդ կանխատեսումից»:

Քուէարկութենէն երկու օր առաջ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը վերջին զգուշացումը տուած է իշխանութիւններուն․- «Զերծ մնացէք կեղծարարութիւնից, որովհետեւ պատմութեան անիւը շրջւում է եւ պատասխանատուութեան սլաքը հասնելու է իւրաքանչիւրին: Եթէ այդ համատարած, համակարգային, կուսակցականացուած խախտումները, ընտրակեղծարարութիւնը շարունակուի մինչեւ ընտրութեան օրը, ապա մենք կը սպասենք ազդակներ ոչ միայն քաղաքական այլ ուժերի, այլ հասարակութեանը եւ ըստ այդմ կ’որոշենք, թէ ապրիլի 3-ին ինչով ենք զբաղուելու»:

«Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքը վստահուած անձեր ունի բոլոր՝ շուրջ երկու հազար տեղամասերու մէջ, գումարած «Ժառանգութեան» ներկայացուցիչները ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ: Տարբեր ընկերութիւններու հարցումներով՝ քաղաքական այս ուժի վարկանիշը գնահատուած է 3-էն մինչեւ 10 տոկոս: Քարոզարշաւի ընթացքին դաշինքը բարձրաձայնած է բռնաճնշումներու մասին՝ այդ շարքին Ջրառատի արիւնալի դէպքերն ու իրենց աջակից Սամուէլ Պապայեանի կալանաւորումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment