Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արթուր Սաքունց․ Ընտրութիւններու Ազատ եւ Արդար Ըլլալը Այլեւս Կասկածի Տակ է

Արթուր Սաքունց․ Ընտրութիւններու Ազատ եւ Արդար Ըլլալը Այլեւս Կասկածի Տակ է

by MassisPost

Ինչպէս բոլոր ընտրութիւններուն, այնպէս ալ այս անգամ ԱՊՀ դիտորդները մինչեւ այս պահը որեւէ խախտում չեն նկատած: Տեղացի դիտորդները, մինչդեռ, կը պնդեն, որ քարոզարշաւի ընթացքին արձանագրուած խախտումները այնքան շատ են, որ կրնան նոյնիսկ ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:

Խորհրդարանական ընտրութիւնները դիտարկող քաղաքացիական նախաձեռնութիւններէն մի քանին, հրաւիրած ասուլիսին հերթական անգամ շեշտած են, որ քարոզարշաւի փուլին յայտնաբերուած են բազմաթիւ խախտումներ՝ ընտրակաշառքի վերաբերեալ լուրերէն մինչեւ վարչական միջոցներու կիրառում: Այդ մասին ահազանգերուն, սակայն, համարժէք արձագանգ չէ եղած, ո՛չ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի, ո՛չ ալ իրաւապահ մարմիններու կողմէ:

«Ազատութեան» հարցին, թէ արդեօք սա կը նշանակէ, որ տեղացի դիտորդները արդէն իսկ կասկածի տակ կը դնեն ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները, Հելսինքեան քաղաքացիական վեհաժողովի  Վանաձորի գրասենեակի ղեկավար Արթուր Սաքունցը եւ «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերային կեդրոնի ծրագիրներու ղեկավար Վարուժան Հոկտանեան ըսին:

Արթուր Սաքունց․ – «Ընտրութիւնների ազատ եւ արդար լինելը այլեւս կասկածի տակ են, եւ կարող ենք պնդել, որ չարուեց բոլոր անհրաժեշտը, որպէսզի վստահութիւն լինի ընտրողի մօտ»:

Վարուժան Հոկտանեան․ – «Ե՛ւ անհաւասար պայմանները, ե՛ւ այդ բռնութիւնները, ե՛ւ վարչական ռեսուրսի այդ չարաշահումը, ե՛ւ այդ ցուցակները, որոնք այդպէս էլ չբերուեցին կարգի․․․ այս ամէնը արդէն լրջագոյն հիմքեր են տալիս ասելու, որ քուէարկութիւնը նոյնպէս չի ընթանալու բնական ձեւով»:
«Իրաւունքի Եւրոպա» միաւորման նախագահ Լուսինէ Յակոբեան ըսած է, թէ գնահատական կու տայ քուէարկութեան օրուայ զարգացումներէն ետք: Այդուհանդերձ, այս պահուն ալ, ըստ անոր, բաւական է առանձնացնել ԿԸՀ երկու որոշումները, որոնք, ըստ փաստաբանի, լուրջ փոփոխութեան կ’ենթարկեն Ընտրական օրէսնգիրքը․ – «Չնայած այն հանգամանքին, որ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը մի տեւական ժամանակ բոլորին լուսաւորել է, որ քուէաթերթիկի առաջին էջին որեւէ նշում չի կարելի անել, եւ ընդամէնը դարձերեսին է արւում նշումը, բոլորովին վերջերս՝ ընդամէնը օրեր առաջ [ԿԸՀ-ն] ընդունել է պարզաբանում, որի համաձայն քուէաթերթիկի առաջին էջին արուող նշումը կուսակցութեան կամ առաջատար երեք թեկնածուներից մէկի կամ մի քանիսի անունների դիմաց չի հանգեցնում քուէաթերթիկի անվաւերութեան: Սա տրամագծօրէն հակասում է [Ընտրական] օրէնսգրքի կարգաւորմանը: Ըստ էութեան, ԿԸՀ-ն նոր օրէնք է գրել: Երկրորդ մտահոգութիւնն այն է, որ ընտրողների ֆիզիքական ցուցակներում, եթէ անձը գալիս է եւ տեսնում է, որ իր փոխարէն արդէն ստորագրութիւն է առկայ, իրեն թոյլ է տրւում կատարել այլ նշումներ սիւնակում, դնել իր ստորագրութիւնը: Սա եւս լուրջ մտահոգութեան առարկայ է, որովհետեւ ճիշդը այն է, որ լրացուցիչ ցուցակում այդ անձի տուեալները լրացուէին, եւ թոյլ տրուէր, որ նա այնտեղ ստորագրի»:

Լրիւ հակառակ պատկեր կը ներկայացուի ԱՊՀ դիտորդական առաքելութեան կողմէ: առաքելութեան ղեկավար Սերկէյ Լեպետեւ նշած է, որ 14 մարտէն մշտադիտարկում իրականացնող 8 երկիրներու 20 դիտորդներ կրցած են ըլլալ 8 մարզերու մէջ, հանդիպած ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն հետ եւ յանգած միջանկեալ եզրակացութեան, որ քարոզարշաւը Հայաստանի մէջ ընդհանուր առմամբ կ’անցնի Ընտրական օրէնսգրքի համաձայն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment