Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները դիտարկելու համար Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հաւատարմագրուած է դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող 6 միջազգային կազմակերպութիւն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրէս»-ը, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը դիտարկեն` ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ-ը, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը, ԱՊՀ դիտորդական առաքելութիւնը, ԱՊՀ միջխորհրդարանական վեհաժողովը, ԵԱՀԿ խորհրդարանական վեհաժողովը, Եւրոպական խորհրդարանը:
Ընտրութիւնները դիտարկելու ցանկութիւն յայտնած տեղական կազմակերպութիւններու թիւը աւելի մեծ է: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին հաւատարմագրուած է 49 տեղական կազմակերպութիւն, որոնք տարբեր ոլորտներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող հասարակական կազմակերպութիւններ են:
Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը նաեւ հրապարակած է յառաջիկայ ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ցանկը: Ընտրութիւնները լուսաբանելու համար ԿԸՀ-ի մօտ հաւատարմագրուած է 89 տեղական, իսկ ՀՀ ԱԳՆ-ի մօտ` 31 միջազգային լրատուամիջոց`շուրջ 100 ներկայացուցիչներով:
Հայաստանի մէջ կայանալիք ընտրութիւնները լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած միջազգային լրատուամիջոցներու շարքին են այնպիսի հեղինակաւոր լրատուամիջոցներ, ինչպիսիք են BBC-ն, Associated Press-ը, «Ֆրանսբրէս» գործակալութիւնը, Ռուսաստանի առաջին ալիքը, «ՌԻԱ նովոսթի» եւ ԹԱՍՍ գործակալութիւնները եւ այլն:
Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւնները պիտի կայանան 2 ապրիլին: Նախընտրական քարոզարշաւը մեկնարկած է 5 մարտէն եւ կը շարունակուի մինչեւ 31 Մարտ:
Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցելու համար գրանցուած է 9 քաղաքական ուժ, որմէ 5-ը կուսակցութիւններ են, 4-ը՝ դաշինք: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին Հայաստանի Հանրապետական, «Հայկական վերածնունդ», Հայաստանի Կոմունիստական, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, «Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ծառուկեան», «Ելք», «Գոնկրէս-ՀԺԿ» եւ «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքները: