Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Յայտարարութիւն` Ապրիլեան Պատերազմի Առաջին Տարելիցին Առթիւ

Յայտարարութիւն` Ապրիլեան Պատերազմի Առաջին Տարելիցին Առթիւ

by MassisPost

Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցի առթիւ հերոս նահատակներու յիշատակը կ’ոգեկոչեն հայ ազգային երեք կուսսակցութիւններու` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր շարքերը եւ յանուն անոնց, երեք կուսակցութեանց շրջանային ղեկավար մարմինները`

– Կը խոնարհին հայրնիքի հողի պաշտպանութեան նուիրական առաքելութեան ընթացքին Հայոց Բանակի զոհուած, վիրաւորուած եւ մարտական առաջադրանքները յառաջ տանող զինուորներու սխրանքին առջեւ

– Կը յայտարարեն իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը Հայոց Բանակի հզօրացման ի խնդիր բոլոր նախաձեռնութիւններուն

– Հայաստանի իշխանութիւններէն կ’ակնկալեն  մեր սահմաններու պաշտպանութեան գործին նուազագոյն վնասն իսկ պատճառող կաշառակերութեան կամ իւրացումներու երեւոյթներուն հանդէպ ցուցաբերէ օրէնքի խստագոյն վերաբերում

– Կը դատապարտեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յարձակողապաշտ, մարդկային իրաւունքները կոպտօրէն խախտող վարքագիծը

– Կոչ կ’ընեն շրջանիս համայն հայութեան միանալու Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման ի խնդիր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, գործով արտայայտելով մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը նահատակ եւ այսօր դիրքերու վրայ արթուն հսկող հերոսներուն հանդէպ:

ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԵՐԻՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment