Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Իգլա», Թէ՞ Քուէատուփ

«Իգլա», Թէ՞ Քուէատուփ

by MassisPost

Ապրիլ 2-ին կայանալիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մի քանի օր մնացած արձանագրուեցաւ բաւականի  զգայացունց իրադարձութիւն: Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւններուն կողմէ ձերբակալուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեանը, որ կը նկատուի նաեւ Օհանեան, Օսկանեան եւ Րաֆֆի Յովհաննէսեան դաշինքի վարագոյրի ետին կանգնած «ղեկավարը»:

Սամուէլ Պապայեան կը մեղադրուի որպէս, «Իգլա» տեսակի հրթիռային համալիր Վրաստանի վրայով Հայաստան տեղափոխելու գործողութեան հովանաւորը:

Այս ձերբակալութենէն առաջ իսկ, Հայաստանեան մամուլին մէջ հրապարակումներ լոյս կը տեսնէին այն մասին, որ Պապայեան կը պատրաստէ «Սասնայ Ծռեր 2» գործողութիւնը, ակնարկելով անցեալ տարուայ Յուլիսին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն: Ձերբակալութենէն ետք գրուեցաւ նաեւ որ, «Իգլա» հրթիռները պիտի օգտագործուէին նախագահ Սերժ Սարգսեանը փոխադրող ինքնաթիռ եւ կամ ուղղաթիռ օդին մէջ պայթեցնելու համար:

Թէ այս բոլորը որքանով կը համապատասխանեն իրականութեան, դժուար է ըսել: Սակայն, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւնները այս առումով եւս հեղինակազրկուած են, շատեր հակուած են թերահաւատութեամբ մօտենալ  ներկայացուող պաշտօնական վարկածներուն:

Նման զարգացումները անգամ մը եւս կու գան հաստատելու թէ, անկախութենէն 25 տարիներ ետք Հայաստանի մէջ տակաւին ժողովրդավարութիւնը արմատներ չէ կրցած նետել ու փոխանակ ապաւինելու քուէատուփին` խաղաղ միջոցներով իշխանափոխութեան հասնելու  համար, մարդիկ ու խմբաւորուներ   կը մտածեն  այլ  ձեւերով իրականացնել այդ իշխանափոխութիւնը: Այս միտքը դժբախտաբար տարածուած է  ժողովուրդի մէջ եւս:

Ապրիլ 2-ին իշխանութիւներուն կողմէ  ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու կազմակերպումը անհրաժեշտութիւն է  Հայրենիքի  ապագային համար: Միայն այդ ձեւով կարելի պիտի դառնայ յաղթահարել երկրի դիմագրաւած բազում դժուարութիւնները, բռնելու  բնական զարգացման ճանապարհը ու բոլորի մօտ ամրապնդելու  այն գաղափարը, որ  միայն քուէատուփին ապաւինելովª   կարելի է հասնիլ նպատակի:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment