Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռիչարտ Հոկլանտ «Բանակցային Սեղանին Դրուած են 3 Մասէ Բաղկացած Առաջարկներ»

Ռիչարտ Հոկլանտ «Բանակցային Սեղանին Դրուած են 3 Մասէ Բաղկացած Առաջարկներ»

by MassisPost

Մենք եւ մեր քաղաքական ղեկավարները կը փորձենք գտնել միջավայրը, ուր կրնան տեղի ունենալ այդ Ղարաբաղեան հակամարտութեան կողմերու ղեկավարներու հանդիպումները. այս մասին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ըսած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ռիչարտ Հոկլանտը՝ աւելցնելով, որ այս պահին գործընթաց կայ, ինչը գաղտնիք չէ:

«Յոյսով ենք, որ մօտ ապագային, բայց ոչ մէկ ամիս յետոյ, երկու արտգործնախարարները կը հանդիպին՝ նախագահներու հանդիպում պատրաստելու համար: Այս պահին դիւանագիտական գործընթացները կ’ընթանան»,- ըսած է ան:

Ան նշած է, որ իրենց գործն է խօսիլ բոլոր խաղացողներու հետ: «Վաղը մենք Լեռնային Ղարաբաղ պիտի ուղեւորուինք, պիտի հանդիպինք Ստեփանակերտի իշխանութիւններուն հետ: Կ’ուզենք վստահ ըլլալ, որ բոլորը գիտեն, թէ ինչ են լուծման տարբերակները:  Ժամանակն է բանակցութեան։ Մենք չենք կրնար բռնութիւնները որպէս լուծում դիտարկել այս երկար շարունակուող խնդրի համար: Բռնութիւնը պատասխան չէ: Բռնութիւնը կը կործանէ ընտանիքները, բռնութիւնը հարուած կը հասցնէ տնտեսութեան: Մենք պէտք է փորձենք ամենադրական լուծումները գտնել»,- ըսած է ան:

Լրագրողներէն մէկուն հարցին, թէ ինչ մանրամասներ կրնայ դեսպանը հաղորդել շատ քննարկուող «Լաւրովի ծրագրէն», Ռիչարտ Հոկլանտ պատասխանած է, որ հիմա բանակցային սեղանին կայ ծրագիր, որ շատ ընդգրկուն է, բայց ինքը այդ մէկը «Լաւրովի ծրագիր» չ’անուաներ:

«Կայ ծրագիր, որ կը քննարկուի, այն 3 մասէ բաղկացած է: Տեղին չէ, որ ես անոր մասին մանրամասներ ներկայացնեմ։ Երկու կողմերը, որոնք կը բանակցին անոր շուրջ, պէտք է առանձին հարցերու շուրջ տակաւին աշխատին: Եւ դիւանագիտութեան մէջ, ինչպէս թղթախաղ խաղալու ժամանակ, չես կրնար բոլոր խաղաքարտերը սեղանին դնել: Հնարաւոր է ծրագրի ինչ-որ մէկ մասը փոփոխութիւն կրէ, այդ իսկ պատճառով մենք մանրամասներու մասին չենք խօսիր»,- ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment