Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ի՞նչ կը Ծրագրուէր 27 Մարտին, եւ Ինչո՞ւ Անհանգիստ է ՕՐՕ-ի Ռազմական Թեւը

Ի՞նչ կը Ծրագրուէր 27 Մարտին, եւ Ինչո՞ւ Անհանգիստ է ՕՐՕ-ի Ռազմական Թեւը

by MassisPost

«Հայկական ժամանակ» թերթը կը գրէ թէ  Սամուէլ Պապայեանի ձերբակալութենէն ետք Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան դաշինքը անհանգիստ է: Դաշինքը երկու թեւ ունի`քաղաքական եւ ռազմական: Քաղաքական թեւի ներկայացուցիչները կը կարենան Պապայեանի ձերբակալութիւնը ներկայացնել որպէս քաղաքական հետապնդում եւ կը հիմնաւորեն զայն: Ռազմական թեւի ներկայացուցիչներու խօսքը սակայն բաւական  անյստակ է:

ՊՆ նախկին փոխնախարար,  զօր. Գագիկ Մելքոնեանը, օրինակ, պատասխանելով «Փաստ»-ի հարցին, թէ արդեօք ձերբակալութիւնը քաղաքական հետապնդում է Պապայեանի նկատմամբ, ըսած է. «Իհարկէ, էն էլ ոնց: Քաղաքական հետապնդում չլինի, «Իգլա»ն ի՞նչ գործ ունի Սամուէլ Պապայեանի հետ կամ մեր հետ, դաշինքի հետ «Իգլա»ն ի՞նչ գործ ունի: «Իգլա»ն ո՞ւմ համար էր բերում, սամալիո՞թ (օդանաւ) էր խփում»:

Նման հարցադրումները իրենց տրամաբականական շարունակութիւնը կ’ունենան: Օրինակ, երբ կ’ըսուի՝ «կարող է՞ սամալիոթ էր խփում», շարունակութիւնը կ’ենթադրուի` իսկ ինչո՞ւ ոչ, յատկապէս եթէ այդ «սամալիոթը» Սերժ Սարգսեանին տեղափոխէր:

Դաշինքի անդամ, ազատամարտիկ Սմբատ Յակոբեան «1in.am»-ի հարցազրոյցին մեկնաբանելով Պապայեանի ձերբակալութիւնը ըսած է, որ այն խոր արմատներ ունի: Ըստ Յակոբեանի, որեւէ պետական պաշտօնեայ իրաւունք չունի նոյնիսկ մտածել այդ հողերը վերադարձնելու մասին, այդ մէկը դաւաճանութիւն է, որ կարելի չէ ներել:

Յակոբեանը իշխանութիւններուն կը դիմէ. «Ես եւ իմ համախոհները չենք ուզում, որ որեւէ մէկից արիւն կաթի, թող մեզ չտանեն դրան, մենք առաջին դէմն ենք դրա, բայց իրավիճակ է ստեղծւում…»:

Հետախոյզ Վովա Վարդանովը այսօր տարբեր ԶԼՄ-ներուն մեկնաբանելով Սամուէլ Պապայեանի պատուէրով «Իգլա» բերելու լուրը կ’ըսէր, որ եթէ իրականութիւն է, ապա երկու բան կրնայ  նշանակել. «կամ մարդիկ 90-ականների ֆիտայական մղումներով ուզում են գնալ սահման պաշտպանել, կամ ահաբեկչութեան նպատակներով է բերուել»:

Քաղաքական քուլիսներուն ետին լուրեր կը շրջանառուին, որ Սամուէլ Պապայեանն ու անոր դաշնակիցները կը ծրագրէին 27 մարտին ինչ-որ գործողութիւն իրականացնել: Որեւէ պաշտօնական տեղեկութիւն այս մասին չկայ: Տեղեկութիւն չկայ նաեւ այն մասին, թէ արդեօք 27 մարտին Սերժ Սարգսեանը որեւէ տեղ պէտք է մեկնի:

Բոլորը արձանագրած են, որ «Ժամանակ» թերթի աղբիւրները յայտնած էին, որ «Սասնայ ծռեր-2» նախապատրաստելու համար ԱԱԾ-ն Սամուէլ Պապայեանին պիտի ձերբակալէ: Լուրը տպագրուած էր թերթի հինգշաբթի օրուայ համարին. նոյն օրն ալ Պապայեանը ձերբակալուած էր:

Մօտ տասը օր առաջ նոյն թերթի աղբիւրները յայտնած էին, որ փորձ պիտի կատարուի «Սասնայ ծռեր-2»ն կրկնելու՝ ոչ միայն Երեւանի, այլեւ Հայաստանի տարբեր բնակավայրերուն մէջ։

Նկարագրուող գործողութիւնը անհամեմատելի է ՊՊԾ գունդի գրաւման հետ, եւ կ’ենթադրուի շատ մեծ թիւով մարդոց ներգրաւուածութիւն: Դժուար է ըսել՝ ինչ կապ կայ այս տեղեկատուութեան եւ հարցազրոյցին Սմբատ Յակոբեանի հետեւեալ յայտարարութեան միջեւ. «Սամուէլ Պապայեան-Սէյրան Օհանեան տրամաչափը այնքան խոշոր է, որ երբեք պէտք չի ոչ գործունէութեան ընթացքի, ոչ ծրագրերի, ոչ էլ որեւէ պարագայում համեմատել «Սասնայ ծռեր» գործողութեան հետ»:

Մէկ բան պարզ է. յառաջիկային կամ զանգուածային ձերբակալութիւններ պիտի ըլլան կամ`զանգուածային գործողութիւններ: Երրորդ տարբերակը` կողմերու միջեւ փակ դռներու ետեւ հնարաւոր հաշտութիւնը, թէեւ լաւագոյն լուծումը կ’ըլլար, բայց այս պահին անհաւանական կը թուայ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment