Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սամուէլ Պապայեանը իր Նկատմամբ Կասկածները Անհիմն կը Համարէ

Սամուէլ Պապայեանը իր Նկատմամբ Կասկածները Անհիմն կը Համարէ

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մեկուսարանը գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամուէլ Պապայեանը կը պնդէ, որ «Իգլա»-ի հետ որեւէ կապ չունի: Այս մասին «Ազատութեան» հետ զրոյցին նշած է անոր պաշտպան Աւետիս Քալաշեանը՝ տեղեկացնելով, որ Պապայեանը արդէն ցուցմունք տուած է՝ ընդգծելով, որ չի ճանչնար նաեւ նոյն գործով ձերբակալուած միւս երկու անձանց։

«Օսկանեան-Ռաֆֆի-Օհանեան» (ՕՐՕ) դաշինքի աջակից Սամուէլ Պապայեանը երէկ ձերբակալուած է «Իգլա» տեսակի զենիթա-հրթիռային համալիր տեղափոխելու փաստի առթիւ յարուցուած քրէական գործի ծիրէն ներս: Ըստ ԱԱԾ-ի, ձեռք բերուած են արժանահաւատ տուեալներ, որ «նշուած համալիրի բաղկացուցիչ մասերու ձեռքբերումը եւ փոխադրումը իրականացուցած անձինք գործած են Սամուէլ Պապայեանի հետ ունեցած նախնական համաձայնութեամբ եւ անոր պատուէրով»։

Ի դէպ, տարածուած հաղորդագրութեան մէջ ԱԱԾ-ն տեղեկացուցած է, որ Վրաստանի իրաւապահ մարմիններուն հետ կ’իրականացուին համատեղ միջոցառումներ՝ յայտնաբերուած ռազմամթերքը հայ-վրացական պետական սահմանով ենթադրաբար անցնելու վերաբերեալ ձեռք բերուած նախնական տուեալներու հաւաստիութիւնը ստուգելու համար:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան, անդրադառնալով մաքսանենգ ճանապարհով «Իգլա» համալիրի ներկրման փաստին, կարծիք յայտնած է, թէ զէնքը Հայաստան կրնար բերուիլ այստեղէն այլ երկիր տեղափոխելու, կամ  Հայաստանի մէջ օգտագործելու նպատակով:

Պաշտպանութեան նախկին նախարարը «Ազատութեան» հետ զրոյցին շեշտած է, որ «Իգլա» հրթիռային համալիրը կը կիրառուի ինքնաթիռներ եւ ուղղաթիռներ խոցելու համար, եւ կրնար օգտագործուիլ նաեւ քաղաքական նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment