Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անգարան Պաշտօնապէս Հրանդ Տինքի Սպանութիւնը Կապած է Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի Հետ

Անգարան Պաշտօնապէս Հրանդ Տինքի Սպանութիւնը Կապած է Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի Հետ

by MassisPost
Fetullah-Gulen

Ֆեթհուլլահ Կիւլէն

Թուրք դատախազները Երեքշաբթի օր, առաջին անգամ պաշտօնապէս Հրանդ Տինքի սպանութիւնը կապած են Միացեալ Նահանգներ բնակող հոգեւորական գործիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի հետ, որուն կը մեղադրեն նաեւ անցած տարուան յուլիսին Թուրքիոյ մէջ յեղափոխութեան փորձ կազմակերպելու մէջ:

Սթանպուլի ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի վարչութեան դատախազ Կիոքալփ Քիոքչիւն երէկ Կիւլէնին ձերբակալելու որոշում կայացուցած է՝ պնդելով, թէ 10 տարի առաջ «Ակօս»-ի խմբագրապետը սպաննուած է անվտանգութեան ուժերու վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան հետեւանքով:

Կիւլէնէն բացի, այդ գործով կան եւս 7 կասկածեալ, այդ շարքին՝ Թուրքիոյ մէջ յայտնի դատախազներէն մէկն ու երեք ընդդիմադիր լրագրողներ՝ «Զաման»-ի նախկին գլխաւոր խմբագիրը, «Պիւկուն» թերթի ու «Kanaltürk TV»-ի ղեկավարը: Երեք լրատուամիջոցներն ալ յայտնի էին էրտողանի հասցէին սուր քննադատութեամբ ու անցած ամիսներուն փակուած են Թուրքիոյ կառավարութեան որոշմամբ:

Վերջիններս կը կասկածուին Տինքի սպանութենէն անմիջապէս ետք ոստիկանական բաժանմունքէն ներս առնուած լուսանկարները եւ տեսանիւթերը տարածելու մէջ: Աղմկայարոյց այդ նիւթերուն մէջ կ’երեւէր, թէ ինչպէս իրաւապահները ձերբակալութենէն ետք՝ ոստիկանական բաժանմունքէն ներս, կը քաջալերեն մարդասպան Օկիւն Սամասթին ու կը նկարուին անոր հետ թրքական դրօշի հետ:

Կասկածեալներէն 6-ը, ըստ տեղական լրատուամիջոցներու, արդէն ձերբակալուած են, միւսներու նկատմամբ հետախուզում յայտարարուած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment