Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի Վերանորոգմանը Նուիրուած Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի Վերանորոգմանը Նուիրուած Հանդիսաւոր Արարողութիւն

by MassisPost

Չորեքշաբթի Մարտ 22-ին, Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարէն ներս տեղի ունեցած է Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման նուիրուած հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցած է Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի գլխաւորութեամբ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցմամբ՝ արարողութեան ներկայ գտնուած են Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասը, այլ երկիրներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, քրիստոնէական եկեղեցիներու առաջնորդներ եւ  բազմաթիւ հաւատացեալներ։

Առաւօտեան Էտուարտ Նալպանտեան այցելած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցած է պատրիարք Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հետ։

Այնուհետեւ Նուրհան պատրիարքի եւ նախարար Նալպանտեանի առաջնորդութեամբ հայկական թափորը ուղեւորուած է Սուրբ Յարութեան տաճար, ուր տեղի ունեցած է Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման նուիրուած արարողութիւնը:

Ելոյթներով հանդէս եկած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը, Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ էքիւմէնիք պատրիարք Բարդուղիմէոսը, Յունական ուղղափառ եկեղեցւոյ Երուսաղէմի պատրիարք Թէոֆիլոս երրորդը, Կաթոլիկ եկեղեցւոյ ֆրանցիսքեան ուխտի Երուսաղէմի առաջնորդ Ֆրանչեսկօ Փաթոնը։ Ընթերցուած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին երկրորդի ուղերձը։

Սուրբ Գերեզմանը քրիստոնէական աշխարհի գլխաւոր սրբավայրերէն է, ուր խաչելութենէն ետք ամփոփուած է Յիսուս Քրիստոսը: Քրիստոսի գերեզմանի, Գողգոթայի Խաչելութեան եւ շարք մը այլ սրբավայրերու վրայ 4-րդ դարուն Բիւզանդիոյ կայսր Կոստանդինոս Մեծը կառուցած է Սուրբ Յարութեան տաճարը: Նախորդ տարուայ մայիսին Սբ. Գերեզմանի իրաւատէր երեք եկեղեցիները համատեղ որոշմամբ մեկնարկեցին Սուրբ Գերեզմանի վերանորոգման եւ վերականգնողական աշխատանքները, որոնց մէջ ներգրաւուած եղած էին նաեւ հայ ճարտարապետները։ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Գերեզմանը վերջին անգամ վերանորոգուած  էր 1808 թուականին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment