Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը Շատ Թէժ ու Իրաւատէր Յետընտրական Փուլ կը Նախատեսէ

Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը Շատ Թէժ ու Իրաւատէր Յետընտրական Փուլ կը Նախատեսէ

by MassisPost

«Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի քարոզարշաւին երկուշաբթի մասնակցած էին նաեւ դաշինքի առաջնորդներէն Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը, որ Ապարանի մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ըսած է, որ իշխող կուսակցութիւնը կրկնուող յանցագործութիւններու պայմաններուն մէջ՝ այսօր պէտք է մտածէ իր կուսակցապետի հետ պատասխանատուութեան ենթարկուելու մասին: Այնինչ փոխարէնը, ըստ Յովհաննիսեանի, «ՀՀԿ-ն իր կուսակցապետի հետ միասին այս օրերին ընտրութիւնների վերաբերեալ մրցակցային գնահատականներ է տալիս կամ ֆալշ հարցումներ է կազմակերպում»: Ան ըսած է այս խօսքը, որպէս պատասխան ՀՀԿ-ականներու այն յայտարարութիւններուն, թէ ՀՀԿ-ն մրցակից չունի, իրենք են միակ ուժը, որուն ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը վստահի ու ձայն կու տայ:

«Ցաւօք սրտի, մենք ապրում ենք մի երկրում, որտեղ տեւական ժամանակ գողացուել են ընտրութիւնները, եւ այս դաշինքը ներկայացնում է այլընտրանքը, որը մրցունակ է: Կան նաեւ լաւ թեկնածուներ մրցակից դաշինքների մէջ, եւ կարեւորն այն է, որ հայ ժողովուրդը վերջապէս կ’ունենայ իր ընտրած իշխանութիւնը, որից կարող է պահանջել հաշուետուութիւն»,- ըսած է Ռաֆֆի Յովհաննիսեան:

Հարցին, թէ յետընտրական փուլին ընդդիմադիրներու համախմբման առիթ կը տեսնէ՞, Ռաֆֆի Յովհաննիսեան պատասխանած է, որ շատ թէժ ու իրաւատէր յետընտրական փուլ կը կանխատեսէ:

«Այս ընտրութիւնները հիմնուած են կեղծուած հանրաքուէի վրայ, իշխող կուսակցութիւնը դարձեալ կանխաւ կեղծում է ընտրութիւնները: Դրա համար շատ կարեւոր է, որ ընդդիմադիր դաշտը, ոչ իշխանական դաշտը, այն դաշտը, որը չի   գրաւել իշխանութիւնը ժողովրդից, գտնի համախմբում յետընտրական շրջանում»,- ըսած է ան:

Ռաֆֆի Յովհաննիսեան ըսած է, որ այս ընթացքին կը բացակայէր, քանի որ կը գտնուէր գործուղման մէջ, գործնական հանդիպումներ ունէր, բացի այդ, մայրը վիրահատուած էր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment