Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էստուկեան․ Աթէշեանը Ստիպուած է Բացատրութիւն Տալ, Թէ Ինչու Չի Հրաժարիր Պաշտօնէն

Էստուկեան․ Աթէշեանը Ստիպուած է Բացատրութիւն Տալ, Թէ Ինչու Չի Հրաժարիր Պաշտօնէն

by MassisPost

Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կրկին փակուղիի առջեւ յայտնուած է:

Անցած Չորեքշաբթի պատրիարքարանէն ներս տեղի ունեցած քուէարկութեան արդիւնքով ձայներու մեծամասնութեամբ պատրիարքի տեղապահ ընտրուած էր Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքճեանը, սակայն ընտրութիւններու արդիւնքներու ամփոփումէն կարճ ժամանակ անց պարտուած թեկնածուն` Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, ներկաներուն ներկայացուցած էր Սթանպուլի նահանգապետարանէն ստացուած պաշտօնական գրութիւն, որու համաձայն նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը իրաւական տեսանկիւնէ հնարաւոր չէ սկսիլ:

«Ակօս» պարբերականի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էստուկեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին փաստեց` թրքական պատկան մարմինները, յայտնելով, թէ չեն ընդունիր տեղապահի ընտրութիւնը, կը փորձեն միջամտել հայ համայնքի ներքին գործերուն:

«Մենք կրնանք այս գրութիւնը չեղեալ համարել եւ մեր ճանապարհով շարունակել: Սա մէկ տարբերակ: Երկրորդ տարբերակ՝ պետութեան խօսքը օրէնք համարելով, մեր որոշումը չեղեալ համարել: Կը կարծեմ, որ այս երկրի պահպանողական դասակարգը այդ երկրորդ տարբերակը պիտի նախընտրէ, որ նոյնիսկ նահանգապետի ստորագրութիւնը չի պարունակեր, այլ անոր տեղակալի ստորագրութիւնով է», – նշած է  Էստուկեան, ցաւով արձանագրելով՝ կատարուածի ետեւը հայ համայնքէն երկու անձ կանգնած է․ – «Աւելի մտահոգիչ երեւոյթը այն է, որ այդ գրութիւնը նախօրօք պատրաստուած է նաեւ որոշ հայերու հետ խորհրդակցութիւններով: Մէկը Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանն է, մէկը՝ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն է: Համայնքի մէջ այս երկուքն են, որ ամէն առիթով կը յայտարարեն, թէ պետութեան հետ երկխօսութեան մէջ են»:

Յայտնի է, որ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը հանդիպում խնդրած է Սթանպուլի նահանգապետարանէն եւ հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի հետ միասին կը պատրաստուի երթալ ու պարզաբանել ստեղծուած իրավիճակը: Բագրատ Էստուկեանի կարծիքով` այս մէկը խնդիրի լուծում չէ եւ միակ ելքը Աթէշեանի հրաժարականն է, այլապէս ան ստիպուած կ’ըլլայ  բացատրութիւն տալ, թէ ինչու չի հրաժարիր պաշտօնէն․ – «Ի՞նչ վախ ունի, որ յանկարծ հրաժարումով պիտի պարզուի, ի՞նչ առիթներ պիտի փակուին իր դիմաց: Այս բոլորը կարեւոր հարցումներ են, որովհետեւ վերջին շրջաններուն պատրիարքարանը դրամական շատ ծանր հաշիւներու միջամուխ եղաւ, ինչը աննախադէպ երեւոյթ է: Պատրիարքարանը միշտ շատ համեստ հաշիւներ ունեցած է, առկայ գումարը միշտ շատ համեստ եղած է եւ միշտ այդ համեստ հաշիւներն ալ ստուգող, քննարկող, տարեկան հաշուետուութիւններ պատրաստող խորհրդակցական մարմին գոյութիւն ունեցած է: Արամ Սրբազանի՝ փոխանորդ նշանակումէն ետք այդ մարմինը այլեւս գոյութիւն չունի»:

Ըստ եկեղեցական կանոնադրութեան եւ օրէնքներուն, թրքական կառավարութիւնը իրաւունք չունի միջամտելու պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին: Էստուկեանի խօսքերով` եթէ նոյնիսկ ընտրուած պատրիարքը հաճելի չէ իշխանութիւններուն, ապա պետութիւնը միայն մէկ լծակ կրնայ գործադրել․ – «Պատրիարքները այն եզակի մարդիկն են այս երկրին մէջ, որոնք կրնան փողոցը եկեղեցական հանդերձանքով շրջիլ: Իրենց այդ իրաւասութիւնը տրուած է նախարարներու խորհուրդի որոշմամբ: Ուրեմն կառավարութիւնը միայն այդ որոշումը տալէն կրնայ հրաժարիլ եւ այդպիսով իր դժգոհութիւնը յայտնել»:

Էստուկեան ըսած է՝ հայ համայնքը, անշուշտ, չուզեր պետութեան հետ վէճի մէջ մտնել․ – «Բայց սա չի նշանակեր, որ պետութեան կամայական որեւէ դիրքորոշման պատճառով պէտք է յետքայլ ընենք մեր իրաւունքներէն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment