Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պլոկըրներու Միջազգային Համաժողով` Ստեփանակերտի Մէջ

Պլոկըրներու Միջազգային Համաժողով` Ստեփանակերտի Մէջ

by MassisPost

«Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութեան եւ Արցախի լրագրողներու միութեան նախաձեռնութեամբ այսօր Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ պլոկըրներու միջազգային համաժողով, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 30 պլոկըր` աշխարհի 11 երկրէ:

Յիշեցնենք, որ շարք մը յայտնի պլոկըրներ եւ լրագրողներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ մեկնեցան Արցախի Հանրապետութիւն իբրեւ բողոքի նշան Ատրպէյճանի քաղաքականութեան դէմ: Անոնք կը բողոքեն Մինսկի կողմէ Պաքուին յանձնուած Ալեքսանդր Լափշինի ձերբակալութեան դէմ:

«Արցախբրէս»-ի հաղորդմամբ` Ֆորումի գլխաւոր թեմաններն են` հակամարտութիւններու ներկայացումը ընկերային մեդիայի եւ պլոկըրներու ու լրագրողների ազատութիւններու ապահովումը:

Համաժողովը կը վարէր «Արցախակերտում» կազմակեչպութեան   համանախագահ Արտակ Բեգլարեան եւ մեդիափորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան:

«Աշխարհ» ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (Ստեփանակերտ) տնօրէն, ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան խնդիրներու փորձագէտ Հրաչեայ Արզումանեան ֆորումին ներկայացուց արցախեան հակամարտութեան յառաջացման պատճառները:

«Փորձը ցոյց կու տայ, որ աշխարհաքաղաքական ուժերը, եթէ չեն ցանկանար զբաղիլ խնդրով, ապա թերեւս պլոկըրները, որպէս նոր ձեւաւորուող հանրային տեղեկատուութեան իրականութիւն` կրնան ազդել իրավիճակին վրայ»,-նշած  է  Հ.  Արզումանեան։

Արցախի   հանրապետութեան   տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Սերկէյ Շահվերդեան ներկայացուցած է  Արցախի զբօսաշրջութեան վիճակը:

«Արցախի Հանրապետութեան զբօսաշրջութիւն ըսելով, կը հասկնանք տարեկան շուրջ 15 հազար զբօսաշրջիկ, 43 հիւրանոցային տնտեսութիւն, 7 զբօսաշրջային ընկերութիւններ, զբօսավարներ: Արցախի Հանրապետութիւն կ՛այցելեն զբօսաշրջիկներ` Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ»,-մասնաւորապէս  ըսած  է  Ս.  Շահվերդեան:

Ֆուրումին մասնակիցները հանդէս եկած են իրենց յուզող հարցադրումներով, որոնք  հիմնականօրէն կը վերաբերէին   հակամարտութեան եւ  Արցախի   ճանաչման, խօսած  իրենց տպաւորութիւններուն մասին:

Ֆորումի   վերջաւորութեան մասնակիցները հանդէս  եկած են յայտարարութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment