Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հաց Բերողի» Արթուր Սարգսեանի Մահուան Պատասխանատուն Իշխանութիւնն է. Իրաւապաշտպաններ

«Հաց Բերողի» Արթուր Սարգսեանի Մահուան Պատասխանատուն Իշխանութիւնն է. Իրաւապաշտպաններ

by MassisPost

Հաց բերող Արթուր Սարգսեանի մահուան փաստին իրաւապաշտպանները խիստ գնահատականներ տուած են։ Վարդան Յարութիւնեան ըսած է.

«Արթուր Սարգսեանը ոչ թէ մահացաւ, այլ սպաննուեց։ Նա դարձաւ այս իշխանութիւնների հերթական զոհը։ Նա աւելացաւ մարտի 1-ի եւ այլ սպանութիւնների զոհերին, որոնք սպաննուել են քաղաքական գործընթացների արդիւնքում այս իշխանութիւնների օրօք»։

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցն ալ խիստ գնահատական հնչեցուցած է. «Ես սա համարում եմ սպանութիւն եւ ուղղակի պատասխանատուութիւն, որն առաջին հերթին կրում է անձամբ Սերժ Սարգսեանը»։

Արթուր Սարգսեանը մահացաւ 25 օր հացադուլ պահելէ ետք։ Հաց բերողը կալանավայրէն ներս հիւծիչ այդ քայլին գնաց՝ հակառակ զգուշացումներուն, որ այդ մէկը իր կեանքը վտանգի կ’ենթարկէ։ Կալանքէն ազատ արձակուեցաւ պատգամաւորներու երաշխաւորումէն ետք միայն։ Հաց բերողը կամայական արդարադատութեան հերթական զոհն է՝ կալանքի տակ էր՝ հակառակ ծանր հիւանդութեան։ Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը պատասխանատուներու շարքը ամբողջացուցած է։

«Պատասխանատուութիւն կրում է ՀՔԾ-ի պետը, կրում է քննիչը, դատաւորը, քրէակատարողական հիմնարկը, որը պէտք է բարձրացնէր հարցը, որ կալանքի տակ գտնուող անձը կալանքի հետ անհամատեղելի առողջական վիճակում է գտնուում, նախարարը, բոլորը պատասխանատու են ապօրինի հրաման կատարելու մէջ»։

Ոստիկանական պատի ճեղքմամբ՝ սեփական կեանքը վտանգելով Սասնայ ծռերուն հաց տանիլը դարձած է առասպել, իսկ Հաց բերողը՝ առասպելի հերոս։ Իշխանութիւնը չէր կրնար հանդուրժել նման անձի ազատութեան մէջ ըլլալը։

«Նրանց միջի չարութիւնը թոյլ չէր տայ չկալանաւորել, այդ մարդը դուրս եկաւ սկսեց հանրութեան աչքին երեւնալ իր հպարտ, արժանապատիւ կեցուածքով, իսկ սրանք չեն կարողանում հանդուրժել արժանապատուութիւնը»,- ըսած է Վարդան Յարութիւնեանը։

Արթուր Սարգսեանի մահուան փաստով յարուցուած է քրէական գործ։ Քննչական կոմիտէն պէտք է փորձէ հասկնալ՝ արդեօք Արթիւր Սարգսեանի մահը եղած է բժիշկներու անզգուշութեան հետեւանք։ Գրաւուած են Դատապարտեալներու հիւանդանոցին մէջ, «Արմէնիա» բժշկական կեդրոնէն ներս եղած առողջութեան վերաբերող փաստաթուղթերը։

«Մի կողմից փոխհատուցում պէտք է լինի, ճանաչուի այդ անձը, որպէս խոշտանգումների կամ դաժան վերաբերմունքի զոհ, եւ երկրորդը՝ մեղաւորները պէտք է պատիժ կրեն»,- ըսած է իրաւապաշտպան Լարիսա Ալավերդեանը։

«Հաց բերող» Արթուր Սարգսեանը մահացած է «Արմէնիա» բժշկական կեդրոնէն ներս։ Մահուան պատճառը սիրտ-անօթային անբաւարարութիւնը եղած է, ինչը, ըստ բժիշկներու, յետվիրահատական բարդութեան հետեւանք է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment