Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կ’ակնկալուի Աւելին

Կ’ակնկալուի Աւելին

by MassisPost

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը անդրադարձ կատարելով ազգային կեանքին վերաբերող տարբեր հարցերուն, ներառեալ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, հանդէս եկած է պաշտօնական յայտարարութեամբ մը:

«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դիմում է մեր Եկեղեցու զաւակներին եւ ՀՀ բոլոր քաղաքացիներին` մասնակցելու ընտրութիւններին հայրենիքի եւ մեր ժողովրդի ապագայի նկատմամբ պատասխանատուութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ: Կոչ ենք անում քուէարկել խղճի մտօք, առկայ քաղաքական տարակարծութիւնների մէջ տեղի չտալ յուզումների, առաւել եւս` անհանդուրժողականութեան եւ հակառակութիւններու, – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը նաեւ կոչ կ’ընէ բոլոր քաղաքական ուժերուն եւ առաջադրուած թեկնածուներուն նախընտրական ու ընտրական գործընթացներու մէջ դրսեւորել խոհեմութեան, զսպուածութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ոգի:

Վերջին  օրերուն ընտրութիւններուն հետ կապուած տեղի կ’ունենան լուրջ միջադէպեր: Ծեծկռտուքին սկսած են յաջորդել  դանակահարութիւն եւ ապա կրակոցներ: Մտահոգութիւն կայ, որ մինչեւ ընտրութիւնները ականատես կրնանք դառնալ աւելի լուրջ պատահարներու:

Այս  միջադէպերու կողքին կան  նաեւ տեղեկութիւններ` կաշառք խոստանալու, ժողովուրդին սպառնալու եւ վախի մթնոլորտ ստեղծելու մասին:   Այս բոլոր իրադարձութիւններու  առանցքը կը կազմեն Հանրապետական Կուսակցութեան կողմնակիցներ, որոնք խորհրդարանի աթոռներուն տիրանալու համար, ոչ միայն բռնութիւն կը գործածեն ընդդիմադրութեան կողմնակիցներուն դէմ, այլ նաեւ կռիւներու կը բռնուին իրար միջեւ:

Այս բոլորը նկատի ունենալով,  Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը պէտք է որդեգրէր աւելի յստակ ու հասցէագրուած կեցուածք:

Այդ կեցուածքը ունեցած է Դամասկոսի եւ Յունաստանի նախկին առաջնորդ Ոսկան Արքեպիսկոպոս Գալփաքեան, հարցազրոյցի մը ընթացքին բացայայտ ըսելով, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները կը կրեն ձեւական բնոյթ ու իշխանութիւնը կ’ընտրուի կաշառքով:

Եթէ Ոսկան սրբազան կրնայ ըսել այս ճշմարտութիւնը, նոյնը կրնայ ընել ու պէտք է  ընէ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը:

Ոչինչ չըսող  յայտարարութիւնները այլեւս անիմաստ են ու մեր Եկեղեցիէն կ’ակնկալուի աւելին:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment