Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք-Հոլանտական Դիւանագիտական Ճգնաժամը Վերաճած է Համաեւրոպականի

Թուրք-Հոլանտական Դիւանագիտական Ճգնաժամը Վերաճած է Համաեւրոպականի

by MassisPost

Թուրք-հոլանտական յարաբերութիւններուն մէջ ծագած դիւանագիտական ճգնաժամը աստիճանաբար վերաճած է համաեւրոպականի: Անգարայէն եւ ՀԱԱԳԱ-էն  (Արդարադատութեան միջազգային դատարան) հնչող փոխադարձ մեղադրանքներու ֆոնին Եւրոմիութեան ղեկավար կառոյցները իրենց միանշանակ աջակցութիւնը յայտնած են Հոլանտայի կառավարութեան:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի` եւրոպացիներու հասցէին ուղղուած քննադատութիւնը, մասնաւորաբար՝ ֆաշիզմի մասին անոր գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւնը, քննարկուած են Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին:

«Հոլանտան Եւրոպայի մէկ մասն է: Աւելին, այսօր ողջ Եւրոպան Հոլանտա է: Եւրոպա է նաեւ Ռոթըրտամը, որ հիմնայատակ աւերուած էր նացիստներու կողմէ, այսօր ալ քաղաքապետ ունի, որ ծնած է Մարոքի մէջ: Եթէ ինչ-որ մէկուն կը թուայ, թէ Ռոթըրտամի մէջ ֆաշիզմի դրսեւորումներ կան այսօր, ապա այդ մարդը լիովին կտրուած է իրականութենէն», – Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն առջեւ ելոյթին յայտարարած էր Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքը:

Պակաս կտրուկ չէին Եւրոմիութեան ղեկավարներէն եւս մէկուն` Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունկըրի յայտարարութիւնները:

«Ես ցնցուած էի այն ամէնէն, ինչ Թուրքիայն հնչեցուած էր Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ հասցէին: Ես երբեք չեմ հանդուրժեր համեմատութիւնը նացիստներու եւ գործող եւրոպական կառավարութիւններու միջեւ», – յայտարարած էր Եունկըր:

Եւրոպացի պաշտօնեաներու այս յայտարարութիւնները, սակայն, կարծես չեն ազդած Թուրքիոյ նախագահի վրայ: Ռեճեփ Էրտողանը կը շարունակէ հանդէս գալ կոշտ յայտարարութիւններով:

Աֆիոնքարահիսար քաղաքին մէջ ունեցած ելոյթին Էրտողան կրկին անդրադարձած է Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններուն: «Ռոթըրտամը եւ Իսթանպուլը քոյր քաղաքներ են: Երէկ երեկոյեան ես տեղեկացուցի վարչապետին, որպէսզի Ռոթըրտամը զրկուի այդ կարգավիճակէն: Իսթանպուլի քաղաքապետը պէտք է միակողմանիօրէն խզէ Ռոթըրտամի հետ կնքուած բոլոր պայմանագիրները: Նման մարդոց հետ եղբայրական յարաբերութիւններ հաստատելը անհնարին է», – յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment