Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Մասաչուսէթսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչերով Վահանակներ Տեղադրուած են

Մասաչուսէթսի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչերով Վահանակներ Տեղադրուած են

by MassisPost

Peace of Art կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր ամենամեայ գործը` Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին ընդառաջ ԱՄՆ-ի Մասաչուսէթս նահանգի 7 բանուկ մայրուղիի վրայ Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն բարձրացնելով ելեկտրոնային վահանակներ, իսկ Ապրիլ 1-էն Պոսթընի հարաւ-արեւելեան ճեպընթաց մայրուղիի վրայ` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան ճանչնալու 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

«2017-ի Ապրիլը կը համարուի աշխարհի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու եւ Հոլոքոսթի յիշատակման ամիս, եւ այդ առիթով մեր վահանակներով կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` յարգելով յիշատակը նաեւ բոլոր ցեղասպանութիւններու անմեղ նահատակներուն:

«2016-ին Հռոմի պապը այցելելով Հայաստան` եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր` Ծիծեռնակաբերդ, անձնապէս յարգելով 1,5 միլիոն անմեղ զոհերու յիշատակը: Վահանակը կ՛արտացոլէ պատմական այն պահը, երբ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հետ միասին Պապ Ֆրանչիսկոսը կաթոլիկ աշխարհի անունէն խաղաղութեան պատգամ կը յղէ Թուրքիոյ դէպի Մասիսը թռցուցած աղաւնիներով` յորդորելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը»,- ըստ «Փանարմինըն»-ի՝ ըսած է Peace of Art կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ, նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը:

Peace of Art կազմակերպութիւնը 2015-ին տեղադրած էր հարիւր վահանակ` նուիրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, ինչպէս նաեւ երախտագիտութեան վահանակներ Գերմանիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս նաեւ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսին անոր` 2015-ի Ապրիլ 12-ին Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սուրբ պատարագի մատուցման եւ այն 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը անուանելուն համար:

2003-ին Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանը հիմնած է Peace of Art անշահոյթ կրթական մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ կ՛օգտագործէ արուեստի համընդհանուր լեզուն իրազեկելով մարդկային գոյավիճակի մասին, նպաստելով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման` առանցք ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment