Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կրակոցներ ու Վիրաւորներ Ջրառատի Մէջ

Կրակոցներ ու Վիրաւորներ Ջրառատի Մէջ

by MassisPost

ՕՐՕ դաշինքի ներկայացուցիչ եւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին  յայտնած է, որ  Ջրառատ գիւղին մէջ դարձեալ զէնքի կիրառմամբ միջադէպ եղած է իրենց դաշինքի համակիրներուն նկատմամբ:

Ոստիկանութեան լրատուութեան վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեան «Ազատութեան» հետ զրոյցին հաստատած է, որ նշուած միջադէպի արդիւնքով 3 անձ տեղափոխուած է հիւանդանոց: Ըստ Ահարոնեանի, անոնցմէ մէկը հրազինային վիրաւորում ստացած է, երկրորդըª  ձեռքի կոտրուածք, իսկ  երրորդին վիրաւորած է սուր կտրող գործիքով:

Ըստ Ահարոնեանի, կրակոցներ արձակելու մէջ կասկածեալ` Ջրառատ համայնքի բնակիչ, 1982-ի ծնունդ Տիգրան Սարգսեանը Վաղարշապատի ոստիկանութեան բաժանմունք տարուած է:

Հիւանդանոց գտնուող տուժածներու հարազատները «Ազատութեան» ըսած են, որ միջադէպի մանրամասնութիւններուն  տեղեակ չեն, նշելով, որ տուժածներէն երկուքը հայր ու որդի են, իսկ երրորդը` եղբօրորդի:

Ոստիկանութեան նախնական տեղեկութիւններով, վիճաբանութիւնը ծագած է Ջրառատի դպրոցին մէջ, աւելի ուշ վէճի մասնակիցներուն միացած են այլ գիւղացիներ: Ինքնաձիգ կիրառելու փորձ եղած է, սակայն ներկաները կրցած են կանխել, ինչէն ետք հնչած են կրակոցներ:

«Ժառանգութեան» փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեանի խօսքով, տեղի ունեցած է «հերթական ապօրինութիւնը»: «Ակնյայտ է՝ եթէ մի յանցագործութիւն չի պատժւում, դա յետագայում այլ յանցագործութիւններ է ծնում»,-ըսած է Մարտիրոսեան: Միջադէպի մասին հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ «Ժառանգութիւն» կուսակցութիւնը:

Ջրառատի մէջ միջադէպ գրանցուած էր նաեւ երկու օր առաջ: «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքը յայտարարած էր, որ Արմաւիրի մարզի Ջրառատ գիւղի գիւղապետ, ՀՀԿ ներկայացուցիչ Սամուէլ Գալստեան, որ, ըստ դաշինքի հաղորդագրութեան, փոխոստիկանապետ Լեւոն Երանոսեանի բարեկամն է, սպառնալիքներ հնչեցուցած է գիւղի բնակիչ՝ «Օհանեան-Ռաֆֆի-Օսկանեան» դաշինքի համակիրի հանդէպ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment