Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սարգսեան Առաջարկած Է Գիւմրիի Մէջ Ստեղծել Հայ-Ռուսական Ռազմարդիւնաբերական Համալիր

Սարգսեան Առաջարկած Է Գիւմրիի Մէջ Ստեղծել Հայ-Ռուսական Ռազմարդիւնաբերական Համալիր

by MassisPost

Փետրուար 14-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցով ժամանած է Մոսկուա: Այս այցը կը կատարուի երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեայ յոբելեանին նուիրուած միջոցառումներու ծիրէն ներս:

Սարգսեան-Փութին բանակցութիւններէն առաջ Հայաստանի նախագահը հանդիպում ունեցած է Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի դասխօսներուն եւ ուսանողներուն հետ:

Սերժ Սարգսեանը անգամ մը եւս յայտարարած է, թէ Ռուսաստանը հայաստանեան տնտեսութեան գլխաւոր ներդրողն է եւ հիմնական տնտեսական գործընկերը: Ռուսաստանը Հայաստանի առանցքային գոծընկերն է շարք մը այլ ոլորտներու մէջ եւս, որոնց շարքին` ուժանիւթի եւ փոխադրամիջոցներու:

Սարգսեան նաեւ յօդուած մը հրապարակած է ռուսաստանեան «Իզվեսթիա» թերթին մէջ: Այդ հրապարակման վերնագիրը նման է Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական կարգախօսին` «Անվտանգութիւն եւ կայուն ժողովրդավարական զարգացում»:

Սերժ Սարգսեան այդ յօդուածին մէջ կարծիք յայտնած է, թէ հայ-ռուսական համագործակցութեան ներուժը շատ աւելի մեծ է` առաջարկելով, որ երկու  երկիրները քննարկեն Գիւմրիի մէջ, ուր տեղակայուած է ռուսական 102-րդ ռազմակայանը, ռազմարդիւնաբերական համատեղ համալիր ստեղծելու հարցը: Այդ համալիրը, Սարգսեանի խօսքով, կրնայ հարթակ դառնալ Հայաստանի հետ սահմանակից պետութիւններու ու Ռուսաստանի միջեւ ռազմա-տեխնիքական համագործակցութեան հաստատման համար:

Հայաստանին սահմանակից չորս երկիրներէն երկուքի` Իրանի եւ Ատրպէյճանի հետ Ռուսաստանը ունի խորացուած համագործակցութիւն` ռազմարդիւնաբերական ոլորտէն ներս: Այդ համագործակցութեան շրջանակէն ներս Մոսկուան արդէն իսկ միլիառաւոր տոլարներու սպառազինութիւն վաճառած է Ատրպէյճանին: Իսկ Իրանի հետ Ռուսաստանը «Ս-400» հրթիռային համակարգի վաճառքի գործարք կնքած է:

«Իզվեսթիա» թերթի հրապարակած յօդուածին մէջ Սերժ Սարգսեան խօսած է նաեւ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու կայացման եւ տնտեսութեան զարգացման ուղղուած քայլերու մասին: Հրապարակման մեծ մասը ղարաբաղեան հարցին եւ հայկական բանակին մասին է, որ ըստ Սարգսեանի, կը համարուի տարածաշրջանի մէջ ամենամարտունակներէն մէկը:

ԼՂ խնդիրի առնչութեամբ, Հայաստանի նախագահը գրած է, որ  Պաքուն  պէտք է հասկնայ, որ Հայաստանն ու համանախագահող երկիրները կը խօսին մէկ լեզուով: «Պատերազմը խնդիրների լուծման ճանապարհ չէ, եւ խաղաղութեան կարելի է հասնել ոչ թէ շանթաժով, այլ բանակցութիւնների միջոցով»,- «Իզվեսթիա» թերթին գրած է Հայաստանի նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment