Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ The New York Times. Հոլանտայի Վէճի ֆոնին Եւրոպայի Հետ Թուրքիոյ Փարաբերութիւնները Փճացած են

The New York Times. Հոլանտայի Վէճի ֆոնին Եւրոպայի Հետ Թուրքիոյ Փարաբերութիւնները Փճացած են

by MassisPost

Եւրոպայի հետ Թուրքիոյ վէճը սրուած է անցնող շաբաթավերջին. Թուրքիոյ նախագահը Հոլանտայի կառավարութեան մեղադրած է «նացիզմ»ի մէջ, իսկ եւրոպական 2 երկիրներուն մէջ թուրք քաղաքական գործիչներուն թոյլ չեն տուած մասնակցիլ միջոցառումներուն կամ անվաւեր  համարած են անոնց հրաւէրները, նշուած է «The New York Times»-ի մէջ: Այս ամէնը տեղի կ’ունենայ Թուրքիոյ նոր Սահմանադրութեան հանրաքուէի նախաշեմին, կը յիշեցնեն լրագրողներ Պատրիկ Քինկսլին ու Ալիսա Ճ. Ռուպինը:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անցեալին նոյն քննադատութիւնը ըրած էր Գերմանիոյ: Հիմա ան իր զայրոյթը ուղղած է Հոլանտային, որու իշխանութիւնները Թուրքիոյ ԱԳ նախարարին արգիլած են երկիր վայրէջք կատարել հանրահաւաքին մասնակցելու համար, այնուհետեւ Հոլանտայէն դուրս հանած են ընտանիքի հարցերով թուրք նախարարին:

«Հոլանտացիներու կողմէն, որոնք սովորաբար անկողմնակալ կը վերաբերին տարբեր տեսակէտներուն, սա անսովոր արձագանգ է: Սակայն հիմա Հոլանտայի մէջ նախընտրական արշաւի թէժ շրջան է, որու գլխաւոր թեմաներու շարքին են ներգաղթը եւ ինտեգրացիան»,- նշած է պարբերականը:

Թուրք քաղաքական գործիչներու արշաւը հակասութեան մէջ մտած է Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի մէջ նախընտրական սուր պայքարի հետ:

Թուրքիոյ հետ վէճէն օգուտ քաղելու յոյս ունէին Հոլանտայի պահպանողական վարչապետ Մարք Ռիուտէն եւ անոր ծայրայեղ աջ ընդդիմախօս Կերթ Վիլտէրսը: Արդիւնքը եղաւ այն, որ Ռիուտէն «առաջնորդութիւն» ցուցադրելու առիթ ստացաւ:

Իր հերթին Էրտողան կիրակի յայտարարած է. «Հոլանտա, եթէ այս չորեքշաբթի ընտրութիւններու պատճառով դուն թուրք-հոլանտական յարաբերութիւնները կը զոհաբերես, անոր համար պիտի վճարես»:

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանին մեղադրած են ընտրազանգուածը շողոքորթելու մէջ: Քանի որ հանրաքուէի արդիւնքը յստակ չէ, որոշ քննադատներ կը պնդեն, որ Էրտողան Եւրոպայի հետ վէճ սկսած է՝ Թուրքիոյ մէջ  ազգայնականներու աջակցութիւնը ստանալու համար, որոնք տակաւին չեն որոշած Էրտողանին պիտի աջակցին թէ ոչ:

«Ներկայիս Թուրքիան ոչ մէկ արտաքին քաղաքականութիւն չունի: Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը կապուած է հանրաքուէէն առաջ Էրտողանի արշաւի հետ»,- ըսած է թուրք մեկնաբան եւ հետազօտող Չէնկիզ Չանտարը:

Կան նաեւ Էրտողանի դիրքորոշման աջակիցներ: Ընդդիմադիր խոշորագոյն կուսակցութեան առաջնորդ Քէմալ Քըլըչտարօղլուն, որ սահմանադրական նախագիծի հակառակորդն է, նախագահին կոչ ըրած է կասեցնել Հոլանտայի հետ յարաբերութիւնները:

Որոշ վերլուծաբաններ նշած են, որ Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան քայլերը նպատակաուղղուած    «պատգամներ»  են Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան, որ Էրտողանին աւանդաբար զգուշաւոր կը վերաբերի, սակայն կուսակցութեան ղեկավարութիւնը հիմա կ’աջակցի անոր իրաւասութիւններու ընդլայնման, քանի որ ծածուկ յոյս ունի, որ անոր դիմաց իր առաջնորդներուն աւելի ազդեցիկ դառնալով կը պարգեւատրեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment