Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ծառուկեան․«Ով Մեղաւոր է Երկրի Մէջ Ստեղծուած Վատ Վիճակին Համար, Պէտք է Հեռանայ»

Ծառուկեան․«Ով Մեղաւոր է Երկրի Մէջ Ստեղծուած Վատ Վիճակին Համար, Պէտք է Հեռանայ»

by MassisPost

«Ծառուկեան դաշինք» ը Երկուշաբթի օր ընտրողներուն հետ հանդիպումներ ունեցած է Արագածոտնի մարզէն ներս:

 Գագիկ Ծառուկեան, որ ընթացիկ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին դեռ չէ խօսած իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան մասին, Ապարանի մէջ ընտրողներու հետ հանդիպման յայտարարած է, թէ «ով մեղաւոր է երկրում ստեղծուած վատ վիճակի համար, պէտք է հեռանայ»:

Իր ելոյթին մէջ դաշինքի առաջնորդը մեծ տեղ յատկացուցած է Հայաստանի տնտեսական վիճակի բարելաւման՝ առաջնային խնդիր համարելով ցած տոկոսադրոյքներով վարկեր ստանալու հնարաւորութեան ապահովումը:

Ապարանի, ինչպէս նաեւ Թալինի, Աշտարակի եւ այլ բնակավայրերու մէջ քաղաքացիները Գագիկ Ծառուկեանին կը դիմէին նամակներով ու տարբեր խնդրանքներով՝ հիմնական նիւթական օգնութեան համար:

Անցած շաբաթ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան յայտարարած էր, որ նման օգնութեան տրամադրումը քարոզարշաւի ընթացքին, ինչպէս նաեւ 2 Ապրիլէն ետք դրամական օգնութիւն տրամադրելու խոստումը կրնայ դիտուիլ որպէս ընտրակաշառք:

Դաշինքի առաջնորդը  անդրադարձած է Մուկուչեանի յայտարարութեան, ըսելով. – «Մարդ չկայ, որ դիմի, օգնած չլինեմ: Պարոն Մուկուչեանն էլ օրէնք ա հանում՝ մարդկանց խոստում էլ չտաս: Մարդիկ ասում եմ, ասում եմ՝ խնդիր չկայ, ապրիլի 2-ից յետոյ գնացել էս հասցէով, ասում ա՝ չէ, խոստումն էլ ա ընտրակաշառք: Լաւ, մարդիկ թող մեռնեն․․․ Ոչ մի բան էլ չեմ խոստանում, ժողովուրդ ջան: Պարոն Մուկուչեանը արգելել է»:

Այդուհանդերձ, Գագիկ Ծառուկեանին ուղեկցող անձինք կը հաւաքէին քաղաքացիներու նամակ-խնդրանքները՝ խոստանալով, որ անպայման կ’անդրադառնան անոնց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment