Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Foreign Policy: Ատրպէյճանը Վերածուած է Ընտանեկան «Առեւտրական Գործարք»

Foreign Policy: Ատրպէյճանը Վերածուած է Ընտանեկան «Առեւտրական Գործարք»

by MassisPost

Ամերիկեան հեղինակաւոր «Foreign Policy» պարբերականը քննադատած է Մեհրիպան Ալիեւայի մասին «The Washington Times»-ի յօդուածը: «Foreign Policy»-ն հրապարակման առաջին պարբերութեան մէջ յիշեցուցած է՝ առնուազն 14 խիղճի բանտարկեալներու հայրենիք Ատրպէյճանը ներկայիս կը ղեկավարուի նախագահական զոյգի կողմէ:

Նշելով, որ վերջերս այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր կնոջ նշանակած է փոխնախագահ, յօդուածագիրը շարունակած է․ – «Նախագահի հրաժարականի պարագային հնարաւոր է Մեհրիպան Ալիեւան ժառանգէ իշխանութիւնը, ինչպէս ժամանակին Ալիեւ հօրմէն ժառանգած էր: Այդպիսով, երկիրը վերածուած է ընտանեկան պիզնէսի»:

«The Washington Times»-ի՝ «Ատրպէյճանի բարի կինը» (The Kind Lady of Azerbaijan) վերնագրուած յօդուածին մէջ եղած պնդմանը, թէ Ալիեւային փոխնախագահ նշանակելը «մեծ առաջընթաց է, քանի որ կինը իշխանութեան կու գայ իսլամական երկրի մէջ», «Foreign Policy»-ն հակադարձած է՝ այդ հանգամանքը չի կրնար արդարացնել կնոջ իր ժառանգորդը դարձնելու Ալիեւի որոշումը:

Հեղինակաւոր պարբերականը պարզաբանած է, որ այդ յօդուածը գրուած է «Caspian Group Holding»-ի գործադիր տնօրէն Ռոպ Սոպխանիի կողմէ: Ամերիկեան այդ ընկերութիւնը, նկատել տուած է «Foreign Policy»-ն, պիզնէս շահեր ունի աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ:

«Foreign Policy»-ի հրապարակման հեղինակ Էմիլի Թամկին յիշեցուցած է, որ 1990-ականներուն Սոպխանին կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Ատրպէյճանի նաւթային նախագիծերու շուրջ բանակցային գործընթացներուն եւ բազմիցս գովաբանած է Իլհամ Ալիեւի քաղաքականութիւնը՝ յայտարարելով, թէ ան «բարելաւած է Ատրպէյճանի միջազգային հեղինակութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment