Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախ Վերականգնել Վստահութիւնը

Նախ Վերականգնել Վստահութիւնը

by MassisPost

Վերջերս Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդէս եկաւ յատուկ յայտարարութեամբ, կոչ ուղղելով սփիւռքահայութեան` տնտեսական ներդրումներ կատարելու եւ սատարելու հայրենիքի զարգացման:

Այս կոչը թէեւ նորութիւն չէր ու ասկէ առաջ Հայաստանի իշխանութիւններու տարբեր ներկայացուցիչներուն կողմէ հնչած էին նման յայտարարութիւններ, սակայն այս վերջին կոչը, Հայաստանէն ներս եւ սփիւռքի տարածքին, արժանացաւ  բաւականին լայն հակազդեցութեան` ընդհանրապէս ոչ դրական առումով:

Վարչապետի կոչը քննադատողները կ’անդրադառնային Հայաստանի մէջ տիրող գործարար միջավայրի անբարենպաստ  պայմաններուն, ներդրումներու անպաշտպանուածութեան, դատական արդար համակարգի բացակայութեան,  մրցակցութեան համահաւասար  պայմաններու չգոյութեան եւ բազմաթիւ  այլ նոյնանման հարցերու, որոնք խիստ դժուար իրագործելի կը դարձնեն ներդրումային  ծրագիրներու իրագործումը երկրէն ներս:

Սփիւռքահայերու մօտ միշտ ալ եղած է ցանկութիւն` նեդրումներ կատարելու Հայաստանէն ներս, ոչ անպայման մեծ շահոյթներ ապահովելու ակնկալիքներով:  Շատեր այդ  քայլին դիմած են հայրենասիրական  մղումներով: Սակայն անցեալի ձախող փորձերը,  չեն խրախուսեր շատ ու շատ  սփիւռքահայերու,  նման քայլի դիմելու ու իրենք եւս հիասթափութեան մատնուելու:  Փոխարէնը պիտի նախընտրեն մի քանի տարին անգամ մը այցելեց հայրենիք, վերանորոգուիլ  ու  առանց գլխացաւանքի  վերադառնալ իրենց երկիրները:

Այսօրուայ դրութեամբ սփիւռքահայութեան մօտ տիրող ընդհանուր կարծիքը այս է:

Այսուհանդերձ, պէտք չէ լրիւ անտեսել վարչապետի կոչը: Ժամանակը եկած է, որպէսզի վերականգնուի սփիւռքահայութեան վստահութիւնը: Այդ ուղղութեամբ հիմնական  քայլերը պէտք է առնուին իշխանութիւններուն կողմէ: Առաջին հերթին լուծումներ ապահովելով վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթներուն, որոնց առկայութեամբ կարելի չէ յաջող ներդրումներ կատարել երկրէն ներս:

Հայաստան կը գտնուի համակարգային հսկայ փոփոխութիւններու հրամայականին առջեւ: Այդ ուղղութեամբ կարեւոր փորձադաշտը պիտի դառնայ Ապրիլ 2-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այդ գործընթացի յաջողութիւնը կրնայ նպաստել սփիւռքահայութեան մօտ վստահութեան վերականգնումին: Այլապէս, վարչապետի նման կոչերը կը մնան իմաստազուրկ եւ ապարդիւն:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment