Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Զարուհի Փոսթանճեան Մտադիր է Նոր Կուսակցութիւն Ստեղծել

Զարուհի Փոսթանճեան Մտադիր է Նոր Կուսակցութիւն Ստեղծել

by MassisPost

«Ժառանգութիւն» կուսակցութենէն օրերս հեռացած Զարուհի Փոսթանճեան խումբ մը համակիրներու հետ կը նախաձեռնէ նոր քաղաքական ամպիոն՝ յետագային կուսակցութիւն ստեղծելու նպատակով:

«Քսանհինգ տարիների ընթացքում շուրջ մէկ միլիոն, եթէ ոչ աւելի մարդ Հայաստանի Հանրապետութիւնից արտագաղթել է: Եւ նրանք այսօր, լինելով օտար երկրներում, ունենալով երկքաղաքացիութիւն, նաեւ չունենալով երկքաղաքացիութիւն՝ ունենալով միայն ՀՀ քաղաքացիութիւն, այնտեղ կազմել են ընտանիքներ, բնակում են, ստեղծում են կարողութիւններ, բայց հնարաւորութիւն չունեն մասնակցելու Հայաստանի կեանքին: Ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքի մատչելիութիւնը պէտք է նրանց տրամադրուի: Եւ պարտադիր է, որպէսզի նրանք հնարաւորութիւն ունենան մասնակցել Հայաստանի քաղաքական կեանքին»:

Փոսթանճեանի համոզմամբ՝ հայաստանցիներու կէսը կը ճնշուին իրենց գործատուներու կողմէ, եւ սփիւռքահայերու ներգրաւուածութիւնը հայաստանեան ներքաղաքական կեանքին այդ հարցը կը լուծէ:

Հայաստանեան ներքաղաքական գործընթացներուն մասնակցելու խնդիրը, Փոսթանճեանի փոխանցմամբ, սփիւռքահայերը բարձրացուցած են: Նոր Ընտրական օրէնսգիրքի համաձայն, Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ժամանակ ընտրելու իրաւունք ունին 18 տարին լրացած ՀՀ բոլոր քաղաքացիները: Իսկ պատգամաւոր կրնան ընտրուիլ 25 տարին լրացած, վերջին չորս տարին Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող, վերջին չորս տարուան ընթացքին մշտապէս Հայաստան բնակող, ընտրական իրաւունք ունեցող եւ հայերէնին տիրապետող իւրաքանչիւր անձ: Երկքաղաքացիները խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրաւունք չունին:

Փոսթանճեանի խօսքով, իշխանութեան գալու պարագային մտադիր են փոխել օրէնքները․ – «Մենք դա չենք ընդունում: Ո՛չ այդ Սահմանադրութիւնն ենք ընդունում, ո՛չ դրա դրոյթները, եւ դրա մասին նոյնպէս ծրագրային դրոյթներում ամրագրուած կլինի»:

Թէեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Զարուհի Փոսթանճեան չի մասնակցիր, սակայն ան համոզուած է, որ այս նոր նախաձեռնութեամբ իշխանութեան պիտի գան:

Պատգամաւորի փոխանցմամբ՝ նոր քաղաքական ուժի ղեկավարը կ’ընտրուի 15-ին գումարուելիք հիմնադիր համագումարին: Ան չէ նշած, թէ, իրմէ բացի, ովքեր են միւս նախաձեռնողները․ – «Անուան վերաբերեալ եւ ծրագրային դրոյթների վերաբերեալ, իհարկէ, դուք կը տեղեկանաք հենց ամսի 15-ին»:

Փոսթանճեան բացայայտած է նաեւ ապագայ կուսակցութեան ֆինանսաւորման աղբիւրը․ – «Հենց մեր հայրենակիցները՝ տնտեսապէս անկախ Սփիւռքից»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment