Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հաց Բերողի» Արթուր Սարգսեանը Կալանքէն Ազատ Արձակուած

«Հաց Բերողի» Արթուր Սարգսեանը Կալանքէն Ազատ Արձակուած

by MassisPost

Դատախազի որոշմամբ Արթուր Սարգսեանի «Հաց բերողի» նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը վերացուած է: Այս մասին 6 Մարտին, NEWS.am-ը տեղեկացած է  ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան մամլոյ ծառայութիւնէն:

ՀՀ գլխաւոր դատախազի հրաւէրով 6 Մարտին հանդիպում տեղի ունեցած է պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեանի, Նիկոլ Փաշինեանի, Հեղինէ Բիշարեանի, Միքայէլ Մանուկեանի, Լեւոն Զուրապեանի եւ Արամ Մանուկեանի հետ:  Հանդիպման ընթացքին պատգամաւորներուն ներկայացուած է Ա. Սարգսեանին առաջադրուած մեղադրանքի բովանդակութիւնը, անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցի հիմքերը, պարզաբանուած են ՀՀ քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքի  145 եւ 147-րդ յօդուածներով նախատեսուած՝ անձնական երաշխաւորութիւն խափանման միջոցի կիրառման կարգը, երաշխաւորողներու իրաւունքներն ու պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջիններս նախազգուշացուած են երաշխաւորողի պատասխանատուութեան մասին եւ առաջարկուած է «Դատապարտեալներու հիւանդանոց» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ հանդիպած է Ա. Սարգսեանին՝ գործի քննութեան ընթացքին վերջինիս պատշաճ վարքագիծը, այլ դատավարական պարտականութիւնները կատարելու եւ քրէական օրէնքով արգիլուած նոր արարք կատարելէ ձեռնպահ մնալու վերաբերեալ հաւաստիանալու համար, որմէ ետք հաստատել իրենց խնդրանքը կամ հրաժարիլ անկէ:

ԱԺ պատգամաւորներ Էտմոն Մարուքեանի, Լեւոն Զուրապեանի, Նիկոլ Փաշինեանի, Հեղինէ Բիշարեանի, Միքայէլ Մանուկեանի եւ Արամ Մանուկեանի կողմէ իրենց խնդրանքը հաստատելէ եւ օրէնքով նախատեսուած դրամական գումարը մուծելէ ետք, 2016 թուականի 6 Մարտին նախաքննութեան օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազի կողմէ որոշում կայացուած է Ա. Սարգսեանի նկատմամբ կիրառուած խափանման միջոց կալանաւորումը փոփոխելու եւ անձնական երաշխաւորութիւն խափանման միջոց կիրառելու մասին:

Նոյն օրը կայացուած որոշման պատճէնը ուղարկուած է նախաքննութեան մարմնին եւ կալանաւորուածներուն պահելու վայրի վարչակազմին՝ կատարումը ապահովելու նպատակով:

Նշենք, որ ԱԺ-ի մէջ ստորագրահաւաք սկսած էր Արթուր Սարգսեանի նկատմամբ կալանքի որոշումը փոփոխելու վերաբերեալ, որ ստորագրած է 26 պատգամաւոր:

Յիշեցնենք, որ «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին օժանդակելու մէջ մեղադրուող Արթուր Սարգսեանը ազատ արձակուած էր 2016 թուականի 31 Դեկտեմբերին, քանի որ ազատազրկման հետ անհամատեղելի հիւանդութիւն ունէր: 9 Փետրուարին, սակայն, ան կրկին կալանաւորուած էր: Արթուր Սարգսեանը հացադուլ  յայտարարած է եւ կը պահանջէ փոխել իր խափանման միջոց կալանքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment