Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատարանը Մերժած է Խորհրդարանական Թեկնածու Առաջադրուած Անտրիաս Ղուկասեանին Գրաւով Ազատ Արձակելու Դիմումը

Դատարանը Մերժած է Խորհրդարանական Թեկնածու Առաջադրուած Անտրիաս Ղուկասեանին Գրաւով Ազատ Արձակելու Դիմումը

by MassisPost

Սարի թաղի մէջ զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ մեղադրուող, կէս տարուէ աւելի անազատութեան մէջ գտնուող Անտրիաս Ղուկասեանը 1,5 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ պիտի չարձակուի։

Արաբկիր եւ Քանաքեռ Զէյթուն վարչական շրջաններու դատարանը երէկ մերժած է «Օհանեան–Ռաֆֆի–Օսկանեան» դաշինքի նախընտրական ցուցակի մէջ ընգրկուած Ղուկասեանի կալանքը գրաւով փոխարինելու մասին դիմումը: Դռնփակ նիստը նախատեսուած ժամէն մօտ երեք ժամ ուշացումով սկսած է: Փաստաբան Կարէն Մեժլումեանի խօսքով, պարզապէս մոռցած էին Ղուկասեանին քրէակատարողական հիմնարկէն դատարան բերել:

Փաստաբանէն տեղեկացանք, որ մէկ ժամէն աւելի փակ դուռերու ետեւ Անտրիաս Ղուկասեան իր այս պահանջը հիմնաւորած է հանգամանքով, որ որպէս պատգամաւորութեան թեկնածու կ’ուզէ մասնակցիլ նախընտրական քարոզարշաւին: Ղուկասեանը պնդած է՝ անհեթեթ է ենթադրել, թէ այս պայմաններուն ինք կրնայ փախուստի դիմել՝ հարուածի տակ դնելով իրեն աջակցող քաղաքական ուժը:

«Լուրջ քաղաքական ուժը վստահել է Ղուկասեանին, եւ համապետական ընտրակարգով է ցուցակում ներառուել, եւ ռէյթինկային ․․․ ու բաւականին բարձր դիրքերում: Այսինքն՝ Անտրիաս Ղուկասեանն ասում է ի՞նչ՝ էսօր արդեօ՞ք եթէ ես ազատ արձակուեմ, կը խուսափեմ, Հայաստանից կը փախնեմ եւ իմ գործընկերներին, ամբողջ քաղաքական ուժին հարուածի տակ կը դնեմ: Նա ասում է, որ դա քաղաքական հակառակորդներին մեծ նուէր կը լինէր, նրանք կ’երազէին, որ նման մի բան տեղի ունենար»,- ըսած է փաստաբանը:

Մինչդեռ, «Իրավիճակ է փոխուել»,- ըսած է ան, աւելցնելով, որ նախապէս տուած իր ցուցմունքէն ոստիկանը հրաժարուած է, երբ ըսած է, թէ լսեր է՝ ինչպէս Ղուկասեանը ժողովուրդին քարեր հաւաքելու կոչ ըրած էր: Փաստաբանի խօսքով, Անտրիաս Ղուկասեանը եւս մէկ անգամ շեշտած է՝ իր ձերբակալման որոշումը «բացառապէս քաղաքական է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment