Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Աւստրիոյ Վարչապետը․ Պէտք է Հրաժարիլ Թուրքիոյ ԵՄ-ին Անդամակցելու Պատրանքներէն

Աւստրիոյ Վարչապետը․ Պէտք է Հրաժարիլ Թուրքիոյ ԵՄ-ին Անդամակցելու Պատրանքներէն

by MassisPost

«Եւրոպական պետութիւնները պէտք է վերանային յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ` հրաժարելով այդ երկրի Եւրոմիութեան անդամակցելու պատրանքներէն», – երէկ գերմանական «Welt am Sontag» թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած է Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Քէրն: Անոր խօսքով՝ Թուրքիան «հատած է Ռուբիկոնը» եւ վերջին տարիներուն աւելի ու աւելի կը  հեռանայ Եւրոպայէն:

«Մարդու իրաւունքներն ու ժողովրդավարական արժէքները երկրի մէջ ոտնահարուած են, խօսքի ազատութիւն գոյութիւն չունի», – նշած էր աւստրիական կառավարութեան ղեկավարը: Քէրնը նաեւ կոչ ըրած է հետեւիլ Գերմանիոյ եւ  Հոլանտայի օրինակին` արգիլելով թուրք պաշտօնեաներուն Եւրոմիութեան տարածքէն ներս քարոզչական հանրահաւաքներ իրականացնել 16 Ապրիլին կայանալիք սահմանադրական հանրաքուէի նախաշեմին:

Անցած շաբաթ Գերմանիոյ իշխանութիւնները արգիլեցին Հիւսիսային Հռենոս-Ուեսթֆալիա երկրամասը գտնուող եւ թրքական հոծ բնակչութիւն ունեցող երկու քաղաքներու մէջ` Լեւերկուզէնի եւ Քիոլնի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու կողմնակիցներու հանրահաւաքներ իրականացնել: Այդ հանրահաւաքներուն պէտք է մասնակցէր Թուրքիոյ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան ղեկավար անդամներէն մէկը` տնտեսութեան նախարար Նիհաթ Զէյպէքչին: Գերմանական իշխանութիւնները այդ քայլին դիմած են երկրի ամենաազդեցիկ պարբերականներէն մէկուն` «Welt»-ի լրագրող Տէնիզ Եուճէլի՝ Թուրքիոյ մէջ կատարուած ձերբակալութենէն ետք: Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, սակայն, պնդած է, թէ Եուճէլ ուղղակի կապեր ունի Քրտական բանուորական կուսակցութեան հետ, ինչպէս նաեւ «գերմանական գործակալ է»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment