Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Հակաօդային Ուժերը Ատրպէյճանական Անօդաչու Թռչող Սարք Խոցած են

Արցախի Հակաօդային Ուժերը Ատրպէյճանական Անօդաչու Թռչող Սարք Խոցած են

by MassisPost

4 Մարտին՝ ժամը 12:15-ի սահմաններուն, արցախեան սահմանի արեւելեան հատուածին բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու կողմէ խոցուած է ատրպէյճանական զինուժին պատկանող «ORBITER» տեսակի անօդաչու թռչող սարք։

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:

Պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները կը շարունակեն վերահսկել Արցախի ցամաքային ու օդային սահմանները եւ անհրաժեշտութեան պարագային կանխարգելիչ գործողութիւններ կը ձեռնարկեն:

uav-2 uav-3

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment