Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ- Երկուշաբթի, 24 Ապրիլի Կէսօրին, Միացէ՛ք Մեր Քայլարշաւին

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ- Երկուշաբթի, 24 Ապրիլի Կէսօրին, Միացէ՛ք Մեր Քայլարշաւին

by MassisPost

Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը կը հրաւիրէ համայնքիս բոլոր անդամները միանալու Երկուշաբթի, 24 Ապրիլի կէսօրին տեղի ունենալիք՝ Յանուն Արդարութեան Քայլարշաւին, որ սկիզբ պիտի առնէ «Փան Փըսիֆիք Փարք»էն եւ պիտի ուղղուի դէպի թրքական հիւպատոսարանի շէնք: Յանուն արդարութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը դատապարտող պայքարին շարունակման արտայայտութիւն պիտի ըլլայ այս քայլարշաւը: Համայնքիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ղեկավարները կոչ կ՛ուղղեն գործօ՛ն մասնակցութիւն բերելու արդարութեան ձգտող մեր հաւաքական ճիգերուն:

Մենք համոզուած ենք, որ մեր ձայնը բարձր ու լսելի կը դառնայ, երբ մենք միասին կը կանգնինք, եւ ահա՛ հպարտութեամբ կը յայտարարենք, որ մեր համայնքին մէջ գործող կազմակերպութիւնները կը շարունակեն համագործակցիլ՝ ոգեկոչական ու արդարութիւն պահանջող ձեռնարկներու իրականացման ի խնդիր, հանդէս գալով Հայոց Ցեղասպանութեան Յանձնախումբին անունով:

Այս յանձնախումբին մաս կազմող կազմակերպութիւններն են՝
Առաջնորդարան Հիւսիսային Ամերիկայի Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ
Առաջնորդարան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Առաքելական Եկեղեցւոյ
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Շրջան
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Հայ Ամերիկաեան Խորհուրդ
Հայ Իրաւաբաններու Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Հայոց Միացեալ Խորհուրդ
Հանրային Վարժարաններու Հայ Աշակերտներու Համար Աշխատող Յանձնախումբ

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment