Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղրղզստան չէ Միացած Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան Հակահայ Բանաձեւին

Ղրղզստան չէ Միացած Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան Հակահայ Բանաձեւին

by MassisPost

Պաքուն կը մեղադրէ  Պիշքէկը՝  ՀՀ-ին աջակցելու մէջ

Ատրպէյճանը այսօր Ղրղզստանին բացայայտօրէն մեղադրած է Հայաստանին աջակցելու մէջ։ Կը պարզուի, Խըրղզստանը հրաժարած է միանալ 1 Մարտին Իսլամապատի մէջ կայացած Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան 13‐րդ գագաթնաժողովի աւարտին ընդունուած եզրափակիչ յայտարարութեան քաղաքական մասին, ուր ընդգծուած է, որ կառոյցի անդամ պետութիւններուն մօտ առկայ հակամարտութիւնները պէտք է կարգաւորուին տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ինքնիշխանութեան յարգման սկզբունքի հիման վրայ։

Փաստաթուղթին մէջ ընդգծուած է, թէ իբր Արցախը Հայաստանի կողմէ գրաւուած տարածք է։ Յայտարարութեան մէջ նաեւ ընդգծուած է, թէ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու տարածքներուն առկայ չկարգաւորուած հակամարտութիւնները եւ մասնաւորապէս, հայ‐ատրպէյճանական հիմնախնդիրը, կը խոչընդոտեն տարածաշրջանի տնտեսական զարգացման եւ տարածաշրջանի ողջ ներուժի օգտագործման, աւելի լայն ձեւաչափով համագործակցութեան հաստատման։ Կազմակերպութեան անդամ բոլոր 10 իսլամական երկիրներէն ﴾Ատրպէյճան, Թուրքիա, Թուրքմէնստան, Տաճիկստան, Ղազախստան, Ուզպէքստան, Ղրղզստան, Փաքիստան, Իրան, Աֆղանստաn)  միայն Ղրղզստանը  հրաժարած է միանալ յայտարարութեան քաղաքական հատուածին, որ կ’առնչուի Արցախի հիմնախնդիրին։

Պաշտօնական Պիշքէկի այս քայլը իսկական զայրոյթ առաջացուցած է Պաքուի մօտ։ «Ղրղզստանի դիրքորոշումը անհասկանալի է։ Նման դիրքորոշում լուրջ հարցերու տեղիք կու տայ։ Որո՞ւ ջրաղացին Ղրղզստանը ջուր կը լեցնէ»,‐ այսօր բաւական կոշտ թոնով յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Հիքմէթ Հաճիեւը։

Պաքուն կը մոռնայ, որ Ղրղզստանը Հայաստանի հետ միասին մէկ ռազմաքաղաքական դաշինքի՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ է եւ այդ առումով ուղղակի պարտաւոր է հանդէս գալ իր դաշնակիցի շահերէն։

Նկատենք նաեւ, որ իսլամական երկիրները միաւորող տնտեսական կազմակերպութեան ընդունած ատրպէյճանահաճոյ փաստաթուղթին կողմ քուէարկող են նաեւ ՀԱՊԿ‐ի մէջ Հայաստանի ռազմաքաղաքական դաշնակից համարուող Տաճիկստանի եւ Ղազախստանի ներկայացուցիչները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment