Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Էլթըն Ճոն Ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին ֆիլմը

Էլթըն Ճոն Ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին ֆիլմը

by MassisPost

Աշխարհահռչակ երգիչ Էլթըն Ճոն իր` «Elton John AIDS» հիմնադրամի (EJAF) 25-ամեակին նուիրուած բարեգործական ճաշկերոյթի ընթացքին ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմը: Հիմնադրամը ֆէյսպուքեան իր էջին գրառում  կատարած է` նշելով, որ հպարտ է  «Խոստումը» ֆիլմը ներկայացնելով:

Երեկոյի ընթացքին Էլթըն Ճոն ըսած է. «Ոչինչ մոռացուած է, այդ ամէնը տեղի ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ»: Երեկոյի ընթացքին հանգանակուած է նախադէպը չունեցող 7 միլիոն ԱՄՆ տոլար:

«Խոստումը» ֆիլմի նկարահանման ծախսերը հոգացած է ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր Քըրք Քըրքորեան, որ անոր մահուան օրը բացայայտուած է:

Ֆիլմի դերակատարներէն Մայքըլ հաﬔստ հայ դեղագործ է, որ հեռանալով  իր գիւղէն  Կ. Պոլիս մեկնած է`  բժշկութիւն ուսանելու: Քրիս ամերիկացի լրագրող է, որ եկած է այդ երկիր, որպէսզի մասնակիօրէն լուսաբանէ աշխարհաքաղաքական հարցեր, եւ յարաբերութիւններու մէջ է տաղանդաւոր Անային հետ` Փարիզ ուսանած հայ նկարչուհի: Երբ Մայքըլ կը հանդիպի Անային, անոնց ընդհանուր ժառանգական յիշողութիւնը կայծ կ’առաջացնէ ու Անա   երկու տղամարդոց միջեւ մրցակցութեան պատճառ կը դառնայ: Երբ թուրքերն Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ միացան գերմանացիներուն եւ դաժանաբար ոչնչացուցին Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները, հակառակ առկայ անհաշտ մթնոլորտին` իւրաքանչիւրը պէտք է ելք փնտռէ փրկուելու համար:արէւէլք

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment