Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Էրիք Կարսէթիին, Մոնիքա Ռոտրիկէզին եւ Միթչ Օ’Ֆարրըլին

ՍԴՀԿ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը Կը Զօրակցի Էրիք Կարսէթիին, Մոնիքա Ռոտրիկէզին եւ Միթչ Օ’Ֆարրըլին

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան  Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը (ՀԱԽ) Մարտ 7-ին տեղի ունենալիք` Լոս Անճելոսի քաղաքապետական ընտրութիւններուն առթիւ իր զօրակցութիւնը յայտնած է շարք մը թեկնածուներու:

Լոս Անճելըսի քաղաքապետի ընտրութիւններուն ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ ներկայիս քաղաքապետ Էրիք Կարսէթիի վերընտրութեան:

Սանլէնտ-Թահունկա հայաշատ շրջանը ընդգրկող  թիւ 7 ընտրաշրջանէն ներս, ՀԱԽ կը պաշտպանէ  Մոնիքա Ռոտրիկէզի թեկնածութիւնը:

Լոս Անճելըսի 13 ընտրաշրջանէն ներս, որ կ’ընդգրկէ Հոլիվուտի թաղամասերը, ներառեալ «Փոքրիկ Հայաստանը», ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Միթչ  Օ’Ֆարրըլի վերընտրութեան:

ՀԱԽ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ նաեւ Պոպ Պլումընֆիլտին (քաղաքապետարանի 3-րդ ընտրաշրջան), Փոլ Քորթեզին (քաղաքապետարանի 5-րդ ընտրաշրջան), Կրէկորի Մարթաեանին, (Լոս Անճելըսի Ուսումնական Խորհուրդի  4-րդ ընտրաշրջան) եւ Արազ Բարսեղեանին (Լոս Անճելըսի Ուսումնական Խորհուրդի 6-րդ ընտրաշրջան),

Այս առթիւ ՀԱԽ իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կոչ կ’ընէ այս շրջաններու մէջ բնակող մեր  հայրենակիցներու, մասնակցելու Մարտ 7-ի ընտրութիւններուն եւ քուէարկելու այս թեկնածուներուն, որոնք միշտ եղած են հայ համայնքի կողքին եւ ծառայած են Լոս Անճելըսի ամբողջ ժողովուրդին եւ նպաստած են քաղաքի յառաջդիմութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment