Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Շփման Գիծի Չէզոք Գօտիէն Ատրպէյճանական Գրոհայիններու Դիակները Տարհանուած են

Շփման Գիծի Չէզոք Գօտիէն Ատրպէյճանական Գրոհայիններու Դիակները Տարհանուած են

by MassisPost

Փետրուար 27-ին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին միջնորդութեամբ կողմերուն միջեւ ձեռք բերուած լրացուցիչ պայմանաւորուածութեան արդիւնքով՝ ժամը 17:00-ի կողմերը, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի դաշտային օգնականներու մասնակցութեամբ, աւարտեցաւ չէզոք գօտիէն ատրպէյճանական գրոհայիններու դիակներու տարհանման գործընթացը: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ տարհանման գործընթացը իրականացուած է 25 Փետրուարին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, այսինքն այնպէս, ինչպէս սկզբնական շրջանին պնդած է արցախեան կողմը:

Յիշեցնենք որ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեաբ  գործընթացը  պիտի կատարուեր 26 Փետրուարին սակայն  Ատրպէյճանը խախտել է այդ կարգը եւ  զինուորներու մարմիններուն դուրս բերումը չէր կայացած:

Դիակներու դուրս բերման պայմանաւորուածութեան խախտմանն ու սահմանին լարուածութեան սրման արձագանգած էր նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը, կողմերուն յիշեցնելով ուժի կիրառումէն զերծ մնալու պարտաւորուածութիւններու մասին՝ համանախագահները կոչ ըրած են շփման գիծին մօտեցուած ծանր զինթեխնիկան պահել իրենց այժմեան դիրքերուն վրայ եւ թոյլ տալ դուրս բերել զոհուածներու մարմինները, ինչպէս պայմանաւորուած են ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի միջնորդութեամբ:

Հակառակորդը Ներթափանցման Ձախող Փորձը
25 Փետրուարին  շփման գիծի հարաւ-արեւելեան (Մարտունի) եւ արեւելեան (Ակնա) ուղղութիւններով հակառակորդը, օգտագործելով ականազերծման «Տրոփա» տիպի սարքեր ձեռնարկած էր ներթափանցման   փորձերու:

Լեռնային Ղարաբաղի ՊԲ առաջապահ ստորաբաժանումները երկու ուղղութիւններու վրայ ալ ժամանակին հաւաստանշած են ատրպէյճանական յատուկ ջոկատայիններու առաջխաղացումը եւ կորուստներ պատճառելով ետ շպրտած իրենց ելման դիրքեր: Բանակի առաջապահ ուժերու հակայարձակ գործողութեան արդիւնքով հակառակորդը տուած է առնուազն հինգ զոհ, որոնց մարմինները կը գտնուէին չէզոք գօտիին վրայ: ՊԲ-ն կորուստներ չէ ունեցած:

Աւելցնենք նաեւ, որ ատրպէյճանական յարձակողական գործողութիւնները հետեւանք են վերջին շրջանին հակառակորդ երկրի քարոզչամեքենային կողմէ առաջնագիծի վրայ իբրեւ թէ արցախեան ուժերու յարձակողական ներթափանցման վերաբերեալ անընդհատ տարածուող ապատեղեկատուութեան, որով ալ թշնամին հող  նախապատրաստած է իր յետագայ սադրանքներուն համար:

Բացի յարձակողական գործողութեան փորձերէն Փետրուարի 24-ին եւ լոյս 25-ի գիշերը արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի ողջ երկայնքին հակառակորդը, ականանետերէ, հրանօթներէ, նռնականետերէ ու տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 860 կրակոց: յատկապէս զգալի խախտումներ արձանագրուած են շփման գիծի արեւելեան եւ հիւսիսային ուղղութիւններուն վրայ: Նշուած հատուածներուն մէջ հակառակորդը 60, 82 ու 120 միլիմեթրանոց ականանետերու եւ D-44 տիպի հրանօթներու կիրառմամբ, ընդհանուր առմամբ, արձակած է 169 արկ:

ՊԲ համապատասխան կառոյցներու կողմէ տրամադրուած հաւաստի տուեալներուն համաձայն, արեւելեան ուղղութեամբ նկատուած է հակառակորդի կենդանի ուժի եւ զինամթերքի տեղաշարժեր:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը շփման գիծի ողջ երկայնքով անցած են կազմակերպուած պաշտպանութեան եւ պատրաստ են հակառակորդի իւրաքանչիւր սադրանքին տալ արժանի պատասխան:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է տեսանիւթ մը, որ կ՛ապացուցէ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ Ատրպէյճանի  սադրանքին վկայութեան տեսագրութիւնը: Տեսանիւթի առնչութեամբ ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը յայտնած է հետեւեալը. «Առաջին օղակը կը մատնանշէ «Տրոփա» ականազերծող համակարգի արձակումը: Երկրորդին մէջ կրնաք տեսնել անոր արձակումէն յետոյ յառաջացած փոշին, ինչպէս նաեւ հայկական կողմի «պատասխան կրակ»ը: Երրորդ  տեսարանին  մէջ` ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու փախուստն է` հայկական կողմի կրակին  ներքեւ:

Տեսանիւթերը կարտացոլացնեն  գործողութիւնները Աղտամի, Ակնի ուղղութեամբ: Իսկ աւարտին պարզ կ՛երեւին Մարտունիի հատուածին   մէջ   ոսոխի  թողած դիակները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment