Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստան եւ Վրաստան Պատրաստակամ են Խորացնել Տարածաշրջանային Համագործակցութիւնը

Հայաստան եւ Վրաստան Պատրաստակամ են Խորացնել Տարածաշրջանային Համագործակցութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութիւնը Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կվիրիկաշվիլին հրաւէրով պաշտօնական այցով ժամանած է Վրաստան: Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի  ունեցած է Կարէն Կարապետեանի եւ Կէորկի Կվիրիկաշվիլին առանձնազրոյցը, որու ընթացքին Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները անդրադարձած են հայ-վրացական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն եւ անոնց զարգացման հեռանկարներուն:

ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետներու  առանձնազրոյցին յաջորդած է երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: Վրաստանի վարչապետը, ողջունելով հայաստանեան գործընկերներուն, նշած է, որ վերջին տարիներուն հայ-վրացական փոխյարաբերութիւնները աչքի կ’իյնան դրական առաջընթացով եւ աւելցուցած, որ նման բարձր մակարդակի պաշտօնական փոխայցերը կը նպաստեն յարաբերութիւններու զարգացման տարբեր ուղղութիւններով: «Մենք պատրաստակամ ենք խորացնել տարածաշրջանային համագործակցութիւնը, աշխուժացնել առեւտրաշրջանառութիւնն ու օգտագործել առկայ ողջ ներուժը»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Վրաստանը կը կարեւորէ բարեկամ Հայաստանի հետ համագործակցութեան յետագայ խորացումը եւ զարգացումը:

Կարէն Կարապետեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշած է, որ Հայաստանը եւ Վրաստանը պատմական խոր արմատներ ունին: «Այսօր երկկողմ յարաբերութիւններում մենք թեւակոխել ենք համագործակցութեան նոր փուլ: Հայ-վրացական  համագործակցութիւնը շարունակում է զարգանալ փոխվստահութեան մթնոլորտում, ինչը մեր յարաբերութիւնների յետագայ զարգացման եւ ամրապնդման գրաւականն է: Մեր պատուիրակութիւնը պատրաստակամ է հանգամանօրէն քննարկել տնտեսական համագործակցութեան օրակարգային հարցերն ինչպէս երկկողմ, այնպէս էլ տարածաշրջանային զարգացման տեսանկիւնից եւ կը փորձենք գտնել համագործակցութիւնն առաւել աքթիւացնելու նոր ուղիներ»,- նշած է ՀՀ վարչապետը:

Կարեւորելով մեր երկիրներու միջեւ առկայ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը, Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններու ղեկավարները նշած են, որ տնտեսական համագոր­ծակ­ցութեան ոլորտէն ներս լիովին չօգտագործուիր առկայ ողջ ներուժը՝ չնայած երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ցուցանիշներու աճին:

Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները քննարկած են առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են ուժանիւթի ոլորտէն ներս համագործակցութեան մակարդակէն եւ կարեւորած փոխադրական հաղորդակցութեան բնագաւառէն ներս յետագայ զարգացման հեռանկարները: Կարէն Կարապետեանը եւ Կէորկի Կվիրիկաշվիլին համոզմունք յայտնած են, որ տնտեսական համագործակցութիւնը կրնայ խթանել երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան աճը: Այդ ծիրէն ներս կողմերը կարեւորած  են ուժանիւթի ոլորտէն ներս տարածաշրջանային համագործակցութիւնը: Ծրագիրներու եւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու ընդլայնման առումով կարեւորուած է Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտին եւ այն որպէս երրորդ երկիրներու շուկաները աւելի հասանելի դարձնելու հարթակ օգտագործելու հնարաւորութիւնը:

Պատմամշակութային կապերու սերտացման ծիրէն ներս զրուցակիցները կարեւորած են մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանումը:

Ընդլայնուած կազմով հանդիպումէն ետք Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետներու ներկայութեամբ ստորագրուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան եւ Վրաստանի առողջապահութեան, աշխատանքի եւ ընկերային (սոցիալական) հարցերու նախարարութեան միջեւ առողջապահութեան բնագաւառէն ներս համագործակցութեան մասին» համաձայնագիր:

Պաշտօնական այցի շրջանակէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայութեան  եւ Վրաստանի սննդամթերքի ազգային գործակալութեան միջեւ կնքուած է համագործակցութեան վերաբերեալ փոխըմբռնման յուշագիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment