Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Անդրադարձել է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մասին

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Անդրադարձել է Լեռնային Ղարաբաղի Հակամարտութեան Մասին

by MassisPost

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, որ կայացած է 20 Փետրուարին, յիշատակած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը: Անոր խօսքով՝ քանի դեռ խաղաղութեան համաձայնագիր չէ ստորագրուած, հակամարտութեան վերսկսման սպառնալիք կայ:

«Սառեցուած հակամարտութիւն» եզրոյթը, որ յաճախ կը կիրառուի Եւրոպայի մէջ հակամարտութիւններու վերաբերեալ, շփոթութեան մէջ կը ձգէ միջազգային հանրութիւնը: Քանի դեռ կողմերը խաղաղութեան պայմանագիր չեն ստորագրած եւ չեն կատարած անոր պայմանները, միշտ պիտի ըլլայ զինուած գործողութիւններ սկսելու վտանգը»,-ըսած է Կութերէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան նիստին, որ նուիրուած եղած է Եւրոպայի մէջ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններուն:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ կ’աջակցի տարածաշրջանային խաղացողներու եւ կազմակերպութիւններու ջանքերուն, այդ թուին՝ ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական Միութեան, որոնք կը վերաբերին Հարաւային Կովկասի, Մոլտովայի մէջ իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Ուքրանիայի մէջ շարունակուող հակամարտութեան:

«ՄԱԿ-ը ամբողջութեամբ կ’աջակցի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին եւ հակամարտող կողմերուն կոչ կ’ընէ կատարել հնարաւոր ամէն ինչ լարուածութիւնը թուլացնելու համար եւ ընդունիլ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, որոնք ուղղուած են հակամարտութիւնները կանխելուն»,-յայտարարած է Կութերէս:

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը նաեւ նշած է, որ 2008-ին Վրաստանի եւ 2014-ին Ուքրանիայի ճգնաժամերը կը յիշեցնեն Եւրոպայի մէջ բռնութեան նոր բռնկումներու սպառնալիքի մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment