Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հանրաքուէով Հաստատուեցաւ ԼՂ Նոր Սահմանադրութիւնը

Հանրաքուէով Հաստատուեցաւ ԼՂ Նոր Սահմանադրութիւնը

by MassisPost

Փետրուար 21-ին Ստեփանակերտի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Կեդրոնական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանը հրապարակած է հանրաքուէի նախնական արդիւնքները: Ըստ այդ տուեալներուն հանրաքուէին մասնակցած է քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու 76.5 տոկոսը, որոնց 87.6 տոկոսը կողմ արտայայտուած է նոր Սահմանադրութեան, եւ փաստօրէն ըստ պաշտօնական տուեալներու՝ Լեռնային Ղարաբաղը ունի նոր սահմանադրութիւն եւ այսուհետ պիտի ըլլայ նախագահական հանրապետութիւն:

Յիշեցնենք որ,  հանրաքուէի դրուած սահմանադրութեան մէջ հիմնական փոփոխութիւնը կը վերաբերէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կառավարման համակարգը կիսանախագահականէն նախագահականի անցում կատարելուն:

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Ֆրէնք Էնկէլ, որ կը գլխաւորէր միջազգային դիտորդներու խումբը, այս առթիւ յայտարարած է,- «Յոյս ունիմ, որ միջազգային հանրութեան աւելի մեծ թիւով ներկայացուցիչներ կÿընդունին, որ Հարաւային Կովկասի այս հատուածին մէջ մարդիկ ազատօրէն ընտրութիւն կը կատարեն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment