Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Ատոմ Էկոյեան Արժանացած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի Բարձրագոյն Տիտղոսին

Ատոմ Էկոյեան Արժանացած է Գանատայի Ազգային Շքանշանի Բարձրագոյն Տիտղոսին

by MassisPost

17 Փետրուարին Գանատայի կառավարութեան անունով՝ ընդհ. նահանգապետ Տէյվիտ Ճոնսթըն Գանատայի Ազգային շքանշանի բարձրագոյն տիտղոսը շնորհած է շարժանկարի բեմադիր Ատոմ Էկոյեանին` երկրի մշակոյթին անոր ունեցած ներդրումին համար: Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին մէջ գրած է Էկոյեանի կինը` դերասանուհի Արսինէ Խանճեան:

«Ատոմ Էկոյեան նուիրուած է երկրի տաղանդներու յայտնաբերման եւ մշակութային ասպարէզի զարգացման գործին։ Որպէս շարժանկարի բեմադիր՝ մեր մշակութային գանձերէն մէկը, ան ձեռք ձգած է միջազգային համբաւ, միեւնոյն ժամանակ ամուր կապուած մնալով Գանատայի։ Ընկերութեան, մեկուսացման, մեր կեանքին մէջ արհեստագիտութեան դերին նուիրուած նիւթերը առանցքը կը կազմեն անոր ստեղծագործական գերազանց գործունէութեան։ Ան նաեւ առատաձեռնօրէն նուիրելով իր ժամանակն ու տաղանդը՝ կը դասաւանդէ եւ կը ստանձնէ մշակութային ձեռնարկներու եւ շարժանկարի փառատօններու գործօն մասնակցութիւն, մաս կը կազմէ դատակազմերու։ Նաեւ տեսողական արուեստի տաղանդաւոր կատարող է ան, միանգամայն թատրոնի ու օփերայի բեմադիր», յայտարարած է Ճոնսթըն, Էկոյեանին պարգեւը շնորհելու ժամանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment