Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Մնացորդներ» Ծրագրի Ցուցահանդէս

«Մնացորդներ» Ծրագրի Ցուցահանդէս

by MassisPost

Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան, Յունուար 19-21, 2017 Միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Մնացորդներ» ծրագրին նուիրուած ցուցահանդէս մը` մասնակցութեամբ լրագրող եւ «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր Արիս Նալճըի, որ նշեալ ծրագրին համակարգողն է:

Բացման խօսքը կատարեց Միութեան Մշակութային Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ Արիս Նալճըի հակիրճ կենսագրականը ընթերցելէ ետք, հրաւիրեց զայն որ բացատրութիւններ տայ ցուցահանդէսին մասին:

Արիս Նալճը շեշտեց թէ ցուցահանդէսի դրուած պատկերները հայկական կալուածներու պատկանելիութիւնը հաստատող փաստաթուղթեր, առաքելութեանց ընթացքին բացայայտուած իրեր, հարցազրոյցներէ պատառիկներ, քարտէսներ, բանալիներ եւ տոհմածառեր են:

2015-2016ի հաւաքածոյ է, ան իր ընկերոջ հետ այցելած է 47 քաղաք վաւերագրական պատկերներ պատրաստելով թէ ի՞նչ կար եւ թէ ի՞նչ կը մնայ: «Որովհետեւ մեր կարծիքը չէ այն ինչ որ կար եւ չմնաց, այլ՝ այն է, որ 2015-2016ի թուին՝ ասոնք ունինք» ըսաւ Նալճը: Բացատրեց Սվազ քաղաքին մասին թէ այնտեղ կը գտնուին 15 ընտանիքներ որոնք պետութեան հետ լաւ յարաբերութեան մէջ են: Հայոց թաղամասերէն դուրս հանուած կաւէ կարասները, որոնք թանգարանին մէջէն գտնուեցան: Խօսեցաւ Երզնկայ, Կարին, Ձիթողիկ գիւղերուն մասին:

Բացատրութիւն տուաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին որ մզկիթի վերածուած է: Սանասարեան վարժարանը որ պետական թանգարանի վերածուած է, եւ Ամասիոյ մէջ  հայկական տուն մը որուն բնակիչները թողած եւ գացած են 1974ին եւ որ եղած է առաջին հիւրանոցը:

Նալճը շեշտեց թէ մասնաւոր ուշադրութիւն պէտք է դարձնել բանալիներուն՝ որոնք եկեղեցիներու եւ բնակարաններու կը պատկանէին:

«Մնացորդներ» ծրագրին նպատակն էր Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք պատմական Հայաստանի հողերուն վրայ լքուած հայերու կալուածները ցանկագրել: Այս նպատակով, վերջին երկու տարիներուն ընթացքին, Թուրքիոյ 27 նահանգներուն մէջ հարիւրաւորներ մասնակցած են զանազան առաքելութիւններու, որոնց արդիւնքները զետեղուած են www.artakalan.net կայքին վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment