Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Տնտեսական Ազատութեան Վարկանիշին մէջ Բարելաւած է Դիրքերը 21 Կէտով

Հայաստանը Տնտեսական Ազատութեան Վարկանիշին մէջ Բարելաւած է Դիրքերը 21 Կէտով

by MassisPost

Տնտեսական ազատութեան 2017 թուականի ցուցանիշով Հայաստանը 70.3 միաւորով կը զբաղեցնէ 33-րդ տեղը 180 գնահատուած երկիրներու շարքին, ընդգրկուելով Առաւելապէս ազատ երկիրներու խումբին մէջ: Նախորդ տարուայ արդիւնքներու համեմատ դիրքը բարելաւուած է 21 տեղով, ինչը համադրելի է երկրի կողմէ արձանագրուած պատմական լաւագոյն արդիւնքին: Եւրոպայի խումբին մէջ ընդգրկուած 45 երկիրներու ցանկին մէջ Հայաստանը կը զբաղեցնէ 19-րդ տեղը, միեւնոյն ժամանակ պահպանելով առաջատար դիրքեր ԱՊՀ երկիրներու շարքին:

Տնտեսական ազատութեան ցուցանիշի կտրուկ առաջընթացը պայմանաւորուած է Օրէնքի գերակայութիւն եւ Կարգաւորման ազդեցութիւն յենասիւներու մասով նշանակալի աճով: Մասնաւորապէս` Սեփականութեան իրաւունքներու բաղադրիչով արձանագրուած է միաւորի 35.5-ով առաջընթաց, իսկ Կառավարութեան   համարկման մակարդակով` 6.4-ով, ինչը լաւագոյն արդիւնքն է ԱՊՀ երկիրներու ցանկին մէջ: Ներդրումային, գործարար, ֆինանսական ազատութիւններու բաղադրիչներով եւս Հայաստանը կը գլխաւորէ ԱՊՀ երկիրներու ցանկը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment