Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկեան «Կեղծուած» Ընտրութիւնները եւ Հայաստանը

Ամերիկեան «Կեղծուած» Ընտրութիւնները եւ Հայաստանը

by MassisPost

Նախագահ  ընտրուելէն աւելի քան  երեք ամիս ու պաշտօնի ստանձնումէն մօտ մէկ ամիս  ետք, Տոնալտ  Թրամփ տակաւին չի կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Հիլլըրի Քլինթըն ստացած էր մօտ երեք միլիոն աւելի ժողովրդային քուէներ, քան ինք: Թրամփ կը շարունակէ վիճարկել ընտրութիւններու արդիւնքները: Ան նախ պնդեց որ 3-5 միլիոն ոչ քաղաքացիներ  մասնակցած են ընտրութիւններուն եւ քուէարկած` Քլինթոնի օգտին: Իսկ անցեալ շաբաթ, ան  նոր ամբաստանութիւն  մը կատարելով ըսաւ թէ, Նիւ Համփշայր նահանգին մէջ, ուր ինք պարտութիւն կրած էր, այլ նահանգներէն պասերով մարդիկ փոխադրուած են ու հոն քուէարկած:

Շատ մը նահանգներու կառավարիչներ` Հանրապետական եւ Դեմոկրատ, հակադարձեցին ըսելով թէ, ոչ քաղաքացիներու քուէարկութիւնը բացառուած է, իսկ իրենց կողմէ կատարուած յետընտրական քննութիւնները երբեք ալ ցոյց չեն տուած նման պարագաներու  գոյութիւնը: Նոյնը ըրին նաեւ Նիւ Համփշայրի հանրապետական ղեկավարները, որոնք եկան հերքելու   պասերով ընտրողներ տեղափոխելու մասին պնդումները:

Ամերիկայի մէջ ընտրութիւններու լայնածաւալ կեղծումը բացառուած է, նկատի առնելով այն իրողութիւնը, որ հոս գոյութիւն չունի   կեդրոնական ընտրական յանձնաժողով հասկացողութիւնը: Ընտրութիւնները կր կազմակերպուին տեղական մակարդակներու վրայ` նահանգային ու  գաւառներու եւ քաղաքներու մէջ գործող խառն մարմիններու կողմէ:

Տոնալտ Թրամփի այս անպատասխանատու մեղադրանքները վտանգաւոր են նաեւ արտաքին քաղաքականութեան առումով: Այսուհետեւ,  այլ  երկիրներու ընտրութիւններուն Ամերիկայի կողմէ  կատարուած  քննադատութիւնը կը դառնան իմաստազուրկ:

Մօտ օրէն Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց արդարացիութեան նկատմամբ այժմէն իսկ թերահաւատութիւն կը տիրէ ժողովուրդի մօտ: Կասկած կայ որ, իշխանութիւնները, անցեալ նման, ամէն ինչ պիտի ընեն իրենց վերընտրութիւնը ապահովելու համար: Այս պարագային, միջազգային դիտորդներու ոչ դրական գնահատականներուն իբրեւ պատասխան կրնան օրինակ բերուիլ  Ամերիկայի ընտրութիւնները`  ըսելով.  «Հոն եւս  կեղծիքներ կ°ըլլան, այդ մասին հարցուցէք նախագահ Թրամփին »:

«ՄԱՍԻՍ »

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment