Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀԿ-ի Ընտրական Ցուցակը Պիտի Գլխաւորէ Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան

ՀՀԿ-ի Ընտրական Ցուցակը Պիտի Գլխաւորէ Պաշտպանութեան Նախարար Վիգէն Սարգսեան

by MassisPost

Փետրուար 14-ի երեկոյեան հրապարակուեցաւ Հայաստանի իշխող կուսակցութեան` ՀՀԿ համամասնական ցուցակը, ուր կային բազմաթիւ անակնկալներ:

Ցուցակը կը գլխաւորէ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան: Սերժ Սարգսեանն ու վարչապետ Կարէն Կարապետեանը ցուցակին մէջ չկան:

ՀՀԿ գործադիր մարմնի նիստի աւարտին,  Կուսակցութեան  խօսնակ Էտուարտ Շարմազանով լրագրողներուն  յայտնեց, որ  հաստատուած է համամասնական ցուցակը` Վիգէն Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Յաջորդ տեղերը կը գրաւեն  Տարօն Մարգարեան,   Արփինէ Յովհաննիսեան,   Արա Պապլոյեան եւ Արմէն Ամիրեան:

Առաջին տասնեակի մէջ են նաեւ Արմէն Աշոտեան, Էտուարտ Շարմազանով, Մարգարիտ Եսայեան, Սամուէլ  Ֆարմանեան ու Կարէն Աւագեան: Ցուցակը բաղկացած է 64 անձէ:

Որոշուած է նաեւ, որ ՀՀԿ  նախընտրական շտապը պիտի ղեկավարէ կուսակցութեան գործադիր մարմինը Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ: Գործադիր մարմինը պիտի ղեկավարէ նաեւ նախընտրական քարոզչութիւնը:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի անունը չկայ ՀՀԿ համամասնական ցուցակին մէջ, սակայն Շարմազանով յայտարարեց որ, եթէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՀԿ-ն մեծամասնութիւն ունենայ, վարչապետը դարձեալ պիտի ըլլայ Կարէն Կարապետեանը: Իսկ ան ցուցակին մէջ չի ներառուած, քանի որ մշատական բնակութեան հարցը խոչընդոտած է անոր մասնակցութիւնը Ապրիլ 2-ին կայանալիք ընտրութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment