Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Հռետորական Անդրանիկ Մրցոյթը

Հայ Կրթական Հիմնարկութեան Հռետորական Անդրանիկ Մրցոյթը

by MassisPost

4 Փետրուար 2017ին աւելի քան հարիւր աջակիցներ մասնակցեցան Հայ Կրթական Հիմնարկութեան կազմակերպած հռետորական անդրանիկ մրցոյթին, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի HISTORIC AMERICAN LEGION սրահին մէջ: Մրցոյթը կը միաւորէր տեղւոյն հայկական հինգ Երկրորդական  վարժարանները՝ Հ.Բ.Ը.Մ.Մանուկեան Տէմիրճեան Վարժարան, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Վարժարան, Ազգային Մեսրոպեան Վարժարան, Ազգային Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարան, եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Վարժարան: Իւրաքանչիւր դպրոց ներկայացուց իր հայերէն լեզուի եւ անգլերէն լեզուի մասնակիցը:

Հայերէն լեզուի մրցոյթի մասնակիցներուն նիւթը հետեւեալն էր՝ Ո՞վ է ձեր նախընտրած հայ ընդօրինակելի կերպարը եւ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է ան ձեր կեանքին եւ հայկական մշակոյթին վրայ: Անգլերէն լեզուի մասնակիցները քննարկեցին, թէ ինչո՞ւ կարեւոր է պահպանել հայկական ինքնութիւնը Սփիւռքի մէջ եւ ի՞նչ ձեռքբերումներու պէտք է հասնի իրենց սերունդը հայկական մշակոյթը զարգացնելու համար:

Անուանի ժիւրիի անդամներուն մէջ ընդգրկուած էին՝ Վիվիան Ելճեան («Northwest» Լոս Անճելեսի միացեալ դպրոցական շրջանի վերահսկիչ), Արտաշէս Քասախեան (Կլէնտէյլ քաղաքի գործավար), եւ Սոնա Մովսէսեան («Քոնան Օ Պրայըն» հաղորդումէն)՝ անգլերէն մրցոյթի համար: Հայերէն մրցոյթի ժիւրիի անդամներն էին՝ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան ( գրող, փրոֆեսոր եւ համայնքային գործիչ), Օշին Քէշիշեան («The Armenian Observer» շաբաթաթերթի սեփականատէր եւ գլխաւոր խմբագիր) եւ Զարեհ Սինանեան (Կլէնտէյլի Քաղաքային Խորհուրդի անդամ):

Իւրաքանչիւր տասը մրցակից ուսանողներուն տրուած էր չորս վայրկեան, որպէսզի իրենց բանաւոր խօսքի վարպետութեամբ տպաւորութիւն գործեն համապատասխան խումբի ժիւրիի անդամներուն վրայ:

Անգլերէն լեզուի մրցոյթին յաղթողն էր՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանի ԺԱ. Կարգի ուսանող՝ Արմոնտ Մնացականեան, իսկ հայոց լեզուի մրցոյթին յաղթողն էր՝ Հ.Բ.Ը.Մ. Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարանի ԺԲ.  Կարգի ուսանող՝ Արի Էքմէքճեան:

Հռետորական մրցոյթը կազմակերպելով Հայ Կրթական Հիմնարկութեան նպատակն է հայ երիտասարդութեան մէջ խթանել հրապարակային խօսքը: Սմարթֆոններու դարաշրջանին, երբ ուսանողները աւելի շատ կը հաղորդակցին գրաւոր հաղորդագրութիւններու միջոցով եւ կը տեղադրեն ընկերական ցանցերու վրայ, պէտք է կեդրոնանալ բանաւոր խօսքի եւ բանաւոր խօսքի մէջ ազատ արտայայտուելու կարողութեան վրայ: Նմանատիպ մրցոյթները կ’օգնեն ուսանողները տիրապետելու բանաւոր հաղորդակցութեան արհեստագիտութեան վրայ եւ ձեռք բերելու հմտութիւններ, որոնք թոյլ կու տան ուսանողներուն դառնալու  գործօն եւ ինքնավստահ քաղաքացիներ, հմուտ մասնագէտներ եւ յաջողակ փաստաբաններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment