Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Լրագրող Հասան Ճէմալ 1 Տարի 3 Ամիս Ազատազրկման Դատապարտուած է

Լրագրող Հասան Ճէմալ 1 Տարի 3 Ամիս Ազատազրկման Դատապարտուած է

by MassisPost

Պոլսոյ դատարանը յայտնի թուրք լրագրող, հրապարակախօս Հասան Ճէմալին դատապարտած է 1 տարի 3 ամիս  ազատազրկման, սակայն պատիժը յետաձգուած է անյայտ պատճառով: Ըստ թրքական «Dogan» լրատուական գործակալութեան`Ճէմալը մեղադրուած է  2016-ին գրած յօդուածներէն մէկուն մէջ «ահաբեկչական կազմակերպութեան օգտին քարոզչութիւն ընելու» մէջ: Դատարանը վճիռ հրապարակելէ առաջ Ճեմալին տուած է վերջին խօսքի իրաւունք: Ան մասնաւորապէս ըսած է.

«47 տարուայ լրագրող եմ: Մինչ օրս իմ կողմէ գրուած յօդուածներու եւ գիրքերու համար այս կերպ չեմ մեղադրուած: Երբեք չեմ պաշտպանած ահաբեկչութիւնը: Միշտ պաշտպանած եմ խաղաղութիւնը: Լրագրութիւնը յանցանք չէ: Այն հասարակութեան մէջ, ուր լրագրութիւնը յանցանք կը համարուի, չկան ազատութիւններ, իրաւունք եւ ժողովրդավարութիւն»:

Աղբիւրը կը նշէ, որ նոյն դատարանին մէջ Հասան Ճէմալի դէմ եւս դատական գործ մը բացուած է, ուր լրագրողին կը սպառնայ մինչեւ 8 տարուայ ազատազրկում:  Այդտեղ նոյնպէս Ճեմալը կը մեղադրուի «ահաբեկչական կազմակերպութեան քարոզչութիւն ընելու մէջ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment