Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԴԿ-ն Լքած է Սէյրան Օհանեանի Գլխաւորած Դաշինքը

ՀԴԿ-ն Լքած է Սէյրան Օհանեանի Գլխաւորած Դաշինքը

by MassisPost

Առաջադրումներէ աւարտէն ընդամէնը հինգ օր առաջ Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութիւնը (ՀԴԿ) լքած է Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած դաշինքը:

Կուսակցութեան առաջնորդ Արամ Սարգսեան այս մասին տեղեակ պահած է անձամբ Պաշտպանութեան նախկին նախարարին՝ բարձրաձայնելով սկզբունքային տարաձայնութիւններու մասին:

«Նրանք, ովքեր փորձում էին այս դաշինքը ձեւաւորել, խախտուեց բոլոր դաշինքային սկզբունքները: Այսինքն, առաջին հերթին պէտք է ձեւաւորուէր խորհուրդ՝ այն կուսակցութիւնների ներկայացուցիչներից, որոնք պէտք է համաձայնեցուած որոշումներ ընդունէին, կոնսենսուսային որոշումներ ընդունէին: Չեղաւ այդպիսի բան»,- ըսաւ Արամ Սարգսեան:

Հայաստանի Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, յուշագիր ստորագրած էր Վարդան Օսկանեանի «Համախմբում» եւ Վիքթոր Տալլաքեանի «Երրորդ Հանրապետութիւն» կուսակցութիւններուն հետ՝ յայտարարելով, որ դաշինքը պիտի առաջնորդէ Սէյրան Օհանեան:

«Մենք հիմա յայտարարում ենք, որ չեղած դաշինքից դուրս ենք գալիս, էդպէս է ստացուում: Այսինքն, մենք չեղարկում ենք մեր մասնակցութիւնը այն յայտարարութեան հետ կապուած, որը արել ենք երեք կուսակցութիւններով»,- ըսաւ Արամ Սարգսեան:

Յուշագիրը ստորագրած երրորդ կուսակցութեան՝ «Համախմբան» խօսնակը, չի բացառէր, որ ի վերջոյ իրենք միայնակ մասնակցին ընտրութիւններուն:

Արամ Սարգսեանի հեռանալու մասին «Համախմբան» խօսնակ Արեգնազ Մանուկեան փոխանցեց․ «Սկզբունքները, որոնք հիմք էին հանդիսացել դաշինքը ստեղծելու համար, որեւէ փոփոխութեան չեն ենթարկուել»:

ՀԴԿ նախագահը հաւաստիացուց, որ իր մտերիմ ընկերը՝ Ռուսիոյ հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեան ազդեցութիւն չէ  ունեցած այս որոշման վրայ:

Արամ Սարգսեան բանակցութիւններ պիտի վարէ այլ ուժերու հետ՝ փորձելով այնուամենայնիւ մասնակցիլ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment