Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պոլսահայ Ոսկերիչին Սպաննած Երեք Հայաստանցիները Դատապարտուեցան Ցմահ Ազատազրկման

Պոլսահայ Ոսկերիչին Սպաննած Երեք Հայաստանցիները Դատապարտուեցան Ցմահ Ազատազրկման

by MassisPost

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 7-րդ դատարանը ցմահ ազատազրկման դատապարտած է մէկ տարի առաջ պոլսահայ տարեց ոսկերիչ Յակոբ Տէմիրճիի սպաննութեամբ  մեղաւոր ճանչցուած ՀՀ երեք քաղաքացիները՝ Արամ Յովհաննիսեան, Արթուր Այվազեան եւ Սէրգէյ Միքայէլեան:

«Մեր նպատակը այդ անձանց սպաննելը չէր: Անոնց նկատմամբ բռնութիւն չենք գործադրած, չենք հարուածած: Մեր գործողութիւնները պէտք է որակել որպէս գողութիւն»,- «Միլլիէթ» թերթի փոխանցմամբ, ըսած է ամբաստանեալներէն Արթուր Այվազեան: Նոյնպիսի պնդմամբ հանդէս եկած է Արամ Յովհաննիսեան` նշելով, որ միայն գողութեան նպատակով տուն մտած են եւ նոյնիսկ դիմակներ չեն կրած:

Դատարանը երեք հայաստանցիներուն մեղաւոր ճանչցած է նաեւ Յակոբ Տէմիրճիի կնոջ` Սեդա Այտա Տէմիրճիի նկատմամբ կանխամտածուած սպաննութեան փորձ կատարելու, զինեալ թալանի եւ ուրիշի ունեցուածքին վնաս պատճառելու համար:

Յիշեցնենք, մօտ մէկ տարի առաջ Հայաստանի երեք քաղաքացիներ մտած էին պոլսահայ տարեց ամուսիններ 85-ամեայ Յակոբ Եաքուպ Տէմիրճիի եւ 79-ամեայ Սեդա Այտա Տէմիրճիի Շիշլիի Ճումհուրիէթ պողոտային վրայ գտնուող բնակարանը, պարաններով կապած էին տանտէրերու ոտքերն ու ձեռքերը եւ յափշտակած տանը եղած թանկարժէք իրերն ու խոշոր գումարը: Կապանքներու եւ ստացած հարուածներու հետեւանքով Յակոբ Տէմիրճին մահացած էր, իսկ անոր կինը ծանր վիճակով տեղափոխուած հիւանդանոց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment