Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Կորուպցիան» Ողջ Ու Առողջ

«Կորուպցիան» Ողջ Ու Առողջ

by MassisPost

Նախ յայտնենք, որ «Կորուպցիան» օտար բառը  կը գործածենք, քանի որ այս բառի երկու հայերէն հոմանիշները` կաշառակերութիւնը եւ փտախտը, չունին նոյն բովանդակութիւնը եւ հնչեղութիւնը: «Կորուպցիա» շատ աւելի ընդգրկուն է քան պարզ կաշառակերութիւնը եւ կը վերաբերի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կողմէ կատարուող  գողութիւններուն ու չարաշահումներուն:

Հայաստանի իրարայաջորդ կառավարութիւնները  միշտ ալ յայտարարած են «Կորուպցիաի» դէմ պայքարելու իրենց վճռակամութեան մասին ու խօսած են այդ ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջխաղացքի մասին:

Սակայն, վերջերս հրապարակուած տեղեկութիւն մը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ «Կորուպցիաի» դէմ պայքարը խօսքի սահմաններէն անդին չանցնիր եւ աւելին` անոնց հեղինակները կ’արժանանան ամենէն բարձր մակարդակի պաշտպանութեան:

Անցեալ տարուայ Ապրիլին, միջազգային մամուլը  լայնօրէն անդրադարձաւ «Փանամայի  Փաստաթուղթեր» անուամբ ծանօթ «սկանտալին»: Գաղտնազերծուած փաստաթուղթերուն  մէջ յիշուած էին ապօրէն միջոցներով ձեռք ձգուած  եւ Փանամայի մէջ  պահ դրուած գումարներու իսկական տէրերու անունները:  Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի նախագահներու կողքին կար նաեւ Միհրան Պօղոսեանի անունը, որ մինչ այդ կը վարեր Հայաստանի ԴԱՀԿ-ի պետի պաշտօնը եւ որու գլխաւորած կառոյցին  վստահուած  էր դատարաններու  առած որոշումները  գործադրութեան դնելու պարտականութիւնը: Պօղոսեանի անուան շուրջ յառաջացած  մեծ աղմուկը ստիպեց իշխանութիւններուն, զինք հեռացնելու պաշտօնէն, միաժամանակ  քննութիւն  բանալով`  ստուգելու համար անոր կուտակած հարստութեան աղբիւրը:

Վերջերս պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ որ, այդ քննութիւնները դադրած են, քանի որ Զուիցերիա  մերժած է գործակցիլ ու անհրաժեշտ փաստաթուղթերը տրամադրել հայկական կողմին:   Սակայն, զուիցերիական կողմէ կը յայտնէ որ, Հայաստանի կողմէ իրենց  ներկայացուած դիմումները պատշաճ ձեւով չեն լրացուած:  Այսպիսով կասկած կը յառաջանայ, թէ արդեօ՞ք դիտաւորեալ եղած են  այդ բոլորը`  «Պօղոսեանի» էջը փակելու համար:

Այժմ կը յայտնուի որ, Միհրան Պօղոսեան կը պատրաստուի մասնակցելու յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ՀՀԿ-ի ցուցակով: Այսպիսով կրնանք ըսել, որ  «Կորուպցիաի» յաղթահարման մասին լուրերը խիստ չափազանցուած  են ու  Հայաստանի մէջ այդ արատաւոր  երեւոյթը կը մնայ   ողջ  ու առողջ:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment