Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Որոշուած Է Նկարահանում Ապահովել Միայն 1500 Ընտրատեղամասերու Մէջ

Որոշուած Է Նկարահանում Ապահովել Միայն 1500 Ընտրատեղամասերու Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի Կենդոնական Ընտրական Յանձնաժողովի արտահերթ նիստին որոշուած է Ազգային ժողովի ընտրութիւններու ժամանակ քուէարկութեան ընթացքին եւ քուէարկութեան արդիւնքներուն ամփոփման գործընթացի տեսանկարահանում  եւ միաժամանակեայ համացանցային հեռարձակում կատարել:

Ապրիլ 2-ին ընտրութիւներու ընթացքին ուղիղ հեռարձակում եւ նկարահանում  կ’ապահովուի Եւրամիութեան ֆինանսական աջակցութեամբ: Այս հարցով ստեղծուած ընդդիմադիրներու եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու յանձնաժողովը որոշած էր`  բաւարարուելով եղած ֆինանսական միջոցներով, նկարահանում ապահովել ոչ թէ բոլոր շուրջ 2000, այլ առնուազն 1500 ընտրատեղամասերու մէջ,  այսինքն 500 ընտրա-տեղամասեր կը մնան առանց  նկարահանման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment