Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի Նոր Հեղինակութիւնը «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելքի Հայկական Գաղութները»

Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի Նոր Հեղինակութիւնը «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելքի Հայկական Գաղութները»

by MassisPost

Վաստակաշատ պատմաբան եւ Լոս Անճելոսի Գալիֆորնիա համալսարանի արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի հետ շահեկան հանդիպում մը կազմակերպած էր Կլենտէյլի Ապրիլ գրատունը, որ տեղի ունեցաւ Յունուարի 26ին, 2017, ներկայութեամբ շուրջ 100 հոգիի:

Իր բացման խօսքին մէջ գրատան սեփականատէր եւ հանդիպման վարիչ` Առնօ Երէցեան, ողջունելէ ետք ներկայ գրասէր հասարակութիւնը, պարզեց օրուան նպատակը, որ է ծանօթացնել փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի լոյս ընծայած վերջին հատորը` “Armenian Communities of the North Eastern Mediterranean, Musa Dagh, Dort yol Kessab” ընդարձակ աշխատասիրութիւնը:

«Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելքի Հայկական Գաղութները » գիրքի մասին ամփոփ ներածականով մը հանդէս եկաւ սփիւռքահայ ծանօթ մտաւորական եւ շատ մը ուսումնասիրութեանց հեղինակ` Դոկտ. Մինաս Գոճայեան: Ան բարձր գնահատեց փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի վերջին աշխատասիրութիւնը, որ ինքնին պատմավաւերագրական ուսումնասիրութիւն մըն էր, որուն մէջ ընդգրկուած են մասնաւորաբար Մուսա Լեռը, Տէօրթ Եոլը (Չորք Մարզպան) եւ Քեսապը: Առանձնաբար անդրադարձաւ այդ շրջաններու հայութեան կենցաղին, աւանդութիւններուն, արհեստներուն, փոխ-յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ անկախ եւ գերիշխող ապրելու համար մղած ազատագրական պայքարներուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ հատորին հեղինակը` փրոֆ. Դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեան: Ինք եւս անդրադարձաւ իր նոր գիրքի բովանդակութեան տարբեր երեսներուն: Տուաւ շահեկան մանրամասնութիւններ: Մասնաւորաբար Տէօրթ Եոլի եւ յարակից շրջաններու ինքնապաշտպանութեան համար կազմակերպուած Հնչակեան ազատամարտիկներու սխրանքները թուրք ներխուժողներու դէմ, գլխաւորութեամբ հերոս Ժիրայրի: Համիտեան հրոսակներու դէմ քաջարի կռիւներով ակներեւ դարձան նաեւ այլ յեղափոխական խումբեր: Ինքնապաշտպանութեան մեծ մարտնչումներով հանդէս եկան նաեւ Մուսա Լերան դիւցազունները, որոնց անվեհեր պայքարին շնորհիւ  այսօր տակաւին կանգուն են  այդ շրջաններու հայկական փոքրաթիւ գաղութները, որոնք կառչած կը մնան մեր ազգային աւանդութիւններուն:

Ներկաները սահիկներու ցուցադրութեամբ ծանօթացան երբեմնի շէն ու կենսունակ, բայց այժմ փոքրաթիւ սակայն իր գոյապայքարը շարունակող հիւսիսային Միջերկրականի հայկական գաղութներուն գեղատեսիլ վայրերուն, բնակչութեան ու պատմական յուշարձաններուն:

Արդարեւ, հանդիսականները մեծ բաւարարութիւն ստացան սոյն շահեկան հանդիպումին մաս կազմելով, քանի որ մօտէն ծանօթացան այդ շրջանի հայկական գեղեցիկ բայց սխրալի գաղութներու բնակչութեան եւ անոնց մղած հիասքանչ գոյապայքարին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ գիրքի մակագրութիւն հեղինակին կողմէ:

Կը շնորհաւորենք հեղինակն ու Ապրիլ գրատունը այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment